ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Հինգշաբթի, 23 Մարտին Հայաստանի ազգային հաւաքականի աւագ, «Մանչեսթըր Եունայթըտ» խումբէն խաղացող Հենրիկ Մխիթարեան բարեգործական այց կատարած է Եօլեանի անուան Արիւնաբանական կեդրոն:
Մխիթարեանին ընկերակցած է Հայաստանի առաջին տիկին Ռիտա Սարգսեան, որուն աջակցութեամբ արդիականացուած է Եօլեանի անուան արիւնաբանական կեդրոնը: Հենրիկ Մխիթարեան մէկ առ մէկ մտած է սենեակները Մանկական արիւնաբանական բաժանմունքի՝ արեան քաղցկեղով տառապող բոլոր այն երեխաներուն, որոնք կը գտնուին անկողնային վիճակի մէջ, զրուցած եւ լուսանկարուած է անոնց հետ, ֆութպոլի գնդակներ, մարզաշապիկներ եւ իր ստորագրած նկարները նուիրած է անոնց:
Այնուհետեւ Հենրիկ Մխիթարեան այցելած է կեդրոնի խաղասրահ, ուր հաւաքուած էին տասնեակ երեխաներ: Աշխարհահռչակ մարզիկը կլոր սեղանի շուրջ զրուցած, խաղացած եւ լուսանկարուած է անոնցմէ իւրաքանչիւրին հետ, անոնց եւս յանձնելով նուէրներ, իսկ երեխաները Մխիթարեանին նուիրած են իրենց պատրաստած պաստառը եւ անոր համար կատարած են իրենց իսկ մշակած երգը:
«Երբեք ոչնչից մի ընկճուէք, լաւատես եղէք եւ պայքարէք ձեր նպատակների համար» երեխաներուն պատգամած է մեր ժողովուրդի պարծանք մարզիկը:
I’m so proud of him and I’m prouder now.
Good soul,and that plays its role.
Best wishes for further progress.
Thank you for the pride and happiness you grant us.
Sirov,Sona