
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Մարտ 7ին կայացած Լոս Անճելըսի միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան նախնական ընտրութիւններուն, Հայ Դատի աջակցութիւնը վայելող եւ ներկայիս այդ վարչութեան ատենապետ Սթիւ Զիմըր կրցաւ մեծագոյն թիւով քուէներ խլել, հակառակ այն իրողութեան, որ սեփական վարժարաններ հաստատելու ջատագովներ աւելի քան 2 միլիոն տոլար ծախսած էին անոր մրցակիցին ի նպաստ։
Զիմըր յոյժ կարեւոր համարած է հայութեան եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին ցուցաբերած աջակցութիւնը։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Էլէն Ասատրեան կը յայտնէ, թէ Մայիս 16ին կայանալիք ընտրութեանց վերջին հանգրուանը ճակատագրական պիտի ըլլայ հայութեան եւ երկրի երկրորդ մեծագոյն կրթաշրջանին ապագային համար. այդ իսկ պատճառով, ան կոչ կ՛ընէ աջակցելու Զիմըրի ընտրապայքարին եւ կը յիշեցնէ, թէ իր ներկայ պաշտօնին մէջ Զիմըր ցոյց տուած է, որ նեցուկ կը կանգնի Հայկական Հարցին ու լուրջ աշխատանք կը տանի Լոս Անճելըսի միացեալ կրթաշրջանի հայ աշակերտներուն մտահոգութիւնները փարատելու գծով: Ասատրեան կ՛աւելցնէ, թէ Զիմըր նաեւ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է այդ կրթաշրջանէն ներս Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդումը ապահովելու աշխատանքին մէջ:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողքին, Հոլիվուտի եւ Սան Ֆերնանտօ Հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբերը եւս նեցուկ կը կանգնին Լոս Անճելըսի միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան Դ. ընտրաշրջանին մէջ իր թեկնածութիւնը դրած Զիմըրի ընտրապայքարին:
Զիմըր, իր կարգին, շնորհակալութիւն կը յայտնէ իրեն ցուցաբերուած այս զօրակցութեան համար, խոստանալով Հայ Դատին եւ հայութեան հետ սերտ գործակցութիւնը շարունակել նոյնպէս վերընտրական պայքարի յաջող աւարտէն ետք:
Յայտնենք, որ Սթիւ Զիմըր առաջին անգամ 2009ին անդամ ընտրուած էր Լոս Անճելըսի միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան, որմէ առաջ, 17 տարի ուսուցիչ եւ խորհրդական եղած էր Լոս Անճելըսի «Մարշըլ» երկրորդական վարժարանին մէջ՝ ունենալով մեծ թիւով հայ աշակերտներ:
Ներկայիս, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը, Ցեղասպանութեան ուսուցման ծրագիրը եւ Լոս Անճելըսի ուսուցիչներու միութիւնը կը գործակցին Զիմըրի հետ, Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդման նուիրուած աշխատանիստ մը կազմակերպելու ընկերային գիտութեանց ուսուցիչներուն համար։
Նշենք, որ Մայիս 16ին կայանալիք ընտրութիւններուն, Հայ Դատը նեցուկ կը կանգնի նաեւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական ընտրութեանց թեկնածու Կարօ Թորոսեանին։
Քուէարկելու համար արձանագրուած ըլլալը պայմա՛ն է: Այդ մասին տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 500-1918 թիւին կամ այցելել www.hyevotes.org կայքը: