«ՋԱՒԱԽՔԻՆ ԶՕՐԱԿՑԻԼԸ ՄԵՐ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆ Է»
ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

Կասկածէ վեր է, որ Ջաւախքը մեր հայրենիքի անբաժան մասնիկն է: Անհերքելի այս իրականութիւնը միշտ վառ պահելու եւ ջաւախքահայութեան զօրակցելու հեռանկարով, տարիներէ ի վեր կը գործէ Ջաւախքի Կեդրոնական յանձնախումբը, որուն կարեւորագոյն ենթայանձնախումբերէն մէկը Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) Արեւմտեան ԱՄՆի շրջանի «Ջաւախք» Հիմնադրամի յանձնախումբն է: Վերջինը 2001էն ի վեր, մեծ թափով կը գործէ շրջանէն ներս, հանրութեան ծանօթացնելով անոր պատմական կարեւորութիւնը եւ զայն կանգուն պահող ջաւախքահայութեան օգտակար հանդիսանալու հրամայականը:
Այս իմաստով, ամէն տարի կը կազմակերպուին հանգանակային, դաստիարակչական եւ գործնական զանազան աշխատանքներ, որոնցմէ կարեւորագոյնն է տարեկան հանգանակային ձեռնարկը: Այս տարի կարեւոր այս ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 2 Ապրիլ 2017, կէսօրուան ժամը 12էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 5, պատմական The Queen Mary նաւուն վրայ, մեծ թիւով ջաւախքահայութեամբ մտահոգ հայորդիներու մասնակցութեամբ: Թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը կը ներկայացնէր Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հովիւ Աշոտ քհնյ. Քամպուրեան: Հոն էին Լաս Վեկասի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս Ատրուշան Արմէնեան, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ տոքթ. Գարմէն Օհանեան, Ջաւախքի Կեդրոնական յանձնախումբի անդամ եւ շրջանի կապ Յարութ Մանուկեան, ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Ռեպեքա Պէրպէրեան, փոխատենապետ Այտա Պապայեան-Ալռայէս, անդամներ Մարօ Փափազեան եւ Գարմէն Լիպարիտեան, ՀՕՄի «Ջաւախք» հիմնադրամի յանձնախումբի երկար տարիներու անցեալի ատենապետ եւ յարատեւ զօրակցող Հայկոյշ Քոհլըր, քոյր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, հովանաւորներ, բարերարներ, նուիրատուներ, ՀՕՄի անդամներ եւ համակիրներ:

ՀՕՄի «Ջաւախք» հիմնադրամի յանձնախումբի անունով ներկաները ողջունեց եւ ձեռնարկի հանդիսավարութիւնը ձեռնհասօրէն կատարեց «Դէպի Ջաւախք» Ճամբարի պատասխանատուներէն Գառնի Արմէնեան: Ան, առաջին հերթին, ներկաներուն յիշեցուց օգնութեան ձեռք երկարելու մեր հայրենի Ջաւախքին: Ապա, պաշտօնական հիւրերը ներկայացնելէ ետք, ան անդրադարձաւ նախապէս իրեն անծանօթ եւ այնուհետեւ սիրտին մօտիկ հայրենիք դարձած Ջաւախքի իր փորձառութիւններուն մասին, պատմական ակնարկ մը նետեց Ջաւախքցի հերոսներուն արձանագրած քաղաքական, պատմական եւ մշակութային յաջողութիւններուն վրայ եւ ի վերջոյ կեդրոնացաւ ջաւախքահայ երիտասարդներու կամքին, հայրենասիրութեան, հայ լեզուն ու պատմութիւնը սորվելուն եւ յատկապէս Ջաւախքը հայ պահելու անոնց պատրաստակամութեան:
Սեղաններու օրհնութիւնը կատարեց Աշոտ քհնյ. Քամպուրեան, որ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի շնորհաւորանքներն ու օրհնութիւնները փոխանցելէ ետք, վեր առաւ ՀՕՄի գործունէութիւնը եւ ըսաւ. «ՀՕՄը երկար տարիներէ ի վեր իր կատարած ազգանուէր ու մարդասիրական ծրագիրներուն մէջ յատուկ տեղ տուած է Ջաւախքի հզօրացման եւ ազգապահպանման համար: ՀՕՄի կողմէ նշանակուած «Ջաւախք» հիմնադրամի յանձնախումբը շուրջ 15 տարիներէ ի վեր աշխուժօրէն կ՛աշխատի, կը տքնի, յօգուտ Ջաւախքի հայութեան իրաւունքներու իրականացման գործին»:
Ճաշի դադարին ցուցադրուեցաւ տեսաժապաւէն մը ՀՕՄի «Ջաւախք» հիմնադրամի յանձնախումբին կատարած ազգանուէր գործունէութիւնը Ջաւախքի մէջ, անոր դիմագրաւած մարտահրաւէրներն ու ջաւախքահայութեան օգնելու կարեւորութիւնը, որ մեծապէս տպաւորեց ներկաները:
Ճաշի դադարէն ետք յանձնախումբի պատգամը փոխանցեց ատենապետ Լենա Պօզոյեան, որ անդրադառնալով կազմակերպուած ձեռնարկի նպատակին՝ ըսաւ. «Դարձեալ հաւաքուած ենք, անգամ մը եւս իրար հետ կիսուելու, բաժնեկցելու, հաշուետուութիւն տալու եւ արժեւորելու Ջաւախք յանձնախումբի աշխատանքները, մարտահրաւէրները, հանգանակային պահանջքները եւ, անշուշտ, նուաճումները»։ Ապա, ան անդրադարձաւ յանձնախումբի Ջաւախքի մէջ ցարդ իրականացուցած առողջապահական, ընկերային, մշակութային, դպրոցական եւ մանաւանդ երիտասարդական կեդրոններու ծրագիրներուն մասին: Իսկ յատկապէս կեդրոնանալով ակնարկուած կեդրոններուն վրայ, ան ընդգծեց՝ ըսելով. «Երեք երիտասարդական կեդրոններ, որոնք կը ծառայեն որպէս խարիսխ շրջանի հայութեան եւ յոյս կը ներշնչեն ջաւախքահայութեան: Շնորհիւ մեր հովանաւորներուն, մենք այս տարի իրականացուցինք նաեւ մասնաշէնքի մը յաւելումը Ախալքալաքի կեդրոնին կից»:
Ընկերուհին յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց «Ջաւախք» հիմնադրամի յանձնախումբին եւ յատկապէս Շրջանային վարչութեան անձնակազմին՝ յանձնախումբի աշխատանքներու յաջողութեան բերած իրենց բացառիկ ներդրումին համար, ինչպէս նաեւ Ժան Գոսագեանին, տէր եւ տիկ. Ռաֆֆի եւ Հիլտա Սանդիկեաններուն, Վեհիկ Գաբրիէլեանին, Ջաւախքի աշխատանքներու հովանաւորներուն եւ նուիրատուներուն, որոնք իրենց նպաստը կը բերեն Ջաւախքի ծրագիրներու իրականացման մէջ:
Պօզոյեան, առ ի պատասխան Ջաւախքին զօրակցելու գծով եղած հարցադրումներուն՝ շեշտեց հետեւեալ հիմնահարցերը. «Կասեցնել ջաւախքահայութեան արտագաղթը: Բարձրաձայնել թրքական գործօնի վտանգաւոր ներկայութիւնը: Վերջապէս պահպանել պատմական Հայաստանի հիւսիսային դարպասը: Երաշխաւորել այսօրուան Հայաստանի անվտանգութիւնը եւ ապահովել ապագայ Միացեալ Հայաստանի տեսլականը»:
Այնուհետեւ, ցուցադրուեցաւ Արցախի Ապրիլ 2016ի քառօրեայ պաշտպանական մարտերուն զոհ գացած նահատակ զինուորներուն նուիրուած տեսաերիզ մը, որուն մէջ Ջաւախքցի երիտասարդներ զօրակցական նամակներ կը կարդան Արցախի զինուորներուն, մեծ յուզում յառաջացնելով ներկաներուն մօտ:
Արցախցի զինուորին արձանագրած յաղթանակներն ու այդ ճամբուն վրայ նահատակուած հերոսները առաւել արժեւորուեցան, սիրուած երգիչ Յովհաննէս Շահպազեանի ազգային քանի մը երգերու գեղեցիկ մեկնաբանութեամբ:
Այնուհետեւ, Լենա Պօզոյեան, վեր առնելէ ետք օրուան պարգեւատրեալներ Էմմա Սալմասեանի եւ Յարութ Մատէնեանի երկար տարիներու անսակարկ ծառայութիւնը յանձնախումբէն ներս՝ բեմ հրաւիրեց զանոնք եւ ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Ռեպեքա Պէրպէրեանի ընկերակցութեամբ յատուկ յուշատախտակներով մեծարեց զանոնք, Ջաւախքի նկատմամբ ցուցաբերած իրենց անսակարկ նուիրումին համար:
Յուշատախտակներու յանձնումէն ետք, երկու պարգեւատրեալները իրենց շնորհակալութիւնը յայտնեցին իրենց ընծայուած պատիւին համար: Անոնք անգամ մը եւս ընդգծեցին Ջաւախքի պատմական կարեւորութիւնը եւ հրապարակաւ խոստացան իրենց գործունէութիւնը շարունակել æաւախքի հզօրացման ուղղուած բոլոր աշխատանքներուն մէջ:
Շրջանային վարչութեան անունով շնորհակալական ելոյթ ունեցաւ փոխատենապետ Այտա Պապայեան-Ալռայէս, որ անգամ մը եւս հաստատելով Ջաւախքը անկախ Հայաստանին անբաժան մասնիկը ըլլալու իրողութիւնը՝ բարձր գնահատեց ՀՕՄի «Ջաւախք» հիմնադրամի յանձնախումբի գործունէութիւնը, «…որուն նուիրեալ անդամները հաւատք կ՛ընծայեն անոր պատմական կարեւորութեան եւ համոզումով կը գործեն անոր գոյատեւման նպաստող աշխատանքներու իրականացման համար»:
Ընկերուհին շնորհաւորեց օրուան մեծարեալները, յարատեւ աշխատելու կամք մաղթեց «Ջաւախք» հիմնադրամի յանձնախումբին եւ վստահեցուց, թէ «ՀՕՄը ի գին ամէն զոհողութեանց պիտի նպաստէ Ջաւախքի հայկական դիմագիծը պահպանելու գործին: Միաժամանակ, նաեւ իր օգնութիւնը պիտի շարունակէ կատարել Արցախի Հանրապետութեան: Ցաւով պիտի յայտնեմ, որ այսօր նաեւ կը նշենք առաջին տարելիցը Արցախի Ապրիլեան չորսօրեայ պաշտպանական մարտերուն նահատակուած մեր քաջարի զինուորներուն»:
Այնուհետեւ, ճաշկերոյթը շարունակեց խանդավառել Յովհաննէս Շահպազեան: Գեղեցիկ այս մթնոլորտէն ետք, ներկաներուն առիթ ընծայուեցաւ շրջելու «Թագուհի Մերի» պատմական նաւուն վրայ՝ մօտէն ծանօթանալու անոր մանրամասնութիւններուն:
Ժամը 5ին, ձեռնարկի մասնակիցները գոհունակութեամբ մեկնեցան տուն,Ջաւախքին առաւել զօրակցելու պատրաստակամութեամբ: