Թուրքիոյ մէջ ընդդիմադիր քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան (HDP) հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուին ուղղուած գրաւոր հարցումով հետաքրքրուած է արտաքին գործոց նախարարութեան արխիւներուն ճակատագիրով:
«Էրմենիհապեր»ը, յղում կատարելով «Ակօս» թերթի կայքին, կը փոխանցէ, թէ Փայլան ուզած է իմանալ, որ ի՞նչ փուլի մէջ են ԱԳՆի արխիւներու թուայնացման աշխատանքները եւ արդեօք անոնց մէկ մասը վնասուած կամ ոչնչացուա՞ծ են:
Հայ պատգամաւորը նաեւ փորձած է պարզել, թէ արդեօք այդ արխիւներուն մէջ կա՞ն Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանը ընդգրկող (մինչեւ 1919) փաստաթուղթեր, որոնք տեղ չեն գտած կառավարութեան օսմանեան արխիւին մէջ:
Ըստ անոր՝ թէեւ կը նշուի, որ այդ արխիւը կը սկսի 1919էն, որոշ պաշտօնեաներ կը յայտնեն, որ արխիւին մէջ կան նաեւ փաստաթուղթեր, որոնք կը վերաբերին մինչեւ 1919ի շրջանին:
Փայլան յիշեցուցած է, որ ԱԳՆի կողմէ նախապէս կատարուած յայտարարութեան համաձայն՝ մինչեւ 2015 թուականը պէտք է թուայնացուէր նախարարութեան պատկանող շուրջ 25 միլիոն փաստաթուղթ: Սակայն մինչեւ այսօր այդ աշխատանքները չեն աւարտած:
«Եթէ նոյնիսկ մէկ կողմ ձգենք այն, որ արխիւը նշանակուած ժամկէտին մէջ չէ բացուած, նաեւ տեղեկութիւններ կան, որ այդ արխիւի աշխատակիցներուն մէկ մասը հեռացուած է աշխատանքէ՝ կիւլենական ըլլալու մեղադրանքով: Իսկ այդ ընթացքին արխիւային փաստաթուղթերուն մէկ մասը ոչնչացուած է: Բացի այդ, լուրեր կան, որ արխիւին հետ կապուած աշխատանքները արդէն բաւական ժամանակ դադրեցուցած են, իսկ շէնքը, ուր կը գտնուին փաստաթուղթերը, լեցուած է ջուրով, որուն հետեւանքով արխիւը մեծ վնասներ կրած է», ըսած է Փայլան: