ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Քոնկրեսի շէնքին մէջ ամէն տարի կայացող Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկը, այս տարի տեղի ունեցած է Ապրիլ 5ի երեկոյեան, ի մի բերելով Ծերակոյտի եւ Ներկայացուցիչներու տան անդամներ, հայութեան ներկայացուցիչներ, ցեղասպանութեանց առաջքը առնելու համար պայքարող գործիչներ եւ Հայաստանի ու Արցախի դիւանագիտական ներկայացուցիչներ։
Ձեռնարկին ընթացքին, Հանրապետական եւ Դեմոկրատ կուսակցութենէն քոնկրեսականներ անգամ մը եւս կոչ ըրած են նախագահին եւ Քոնկրեսին, որ յստակօրէն ճանչնան Ցեղասպանութիւնը եւ դէմ դնեն այս հարցով զիրենք լռութեան մատնել միտող Անգարայի իշխանութեանց ջանքերուն։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան ողջունած է մեծ թիւով քոնկրեսականներու մասնակցութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնած է ոգեկոչման ձեռնարկը կազմակերպած Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի անդամներուն։
Կազմակերպման ջանքերուն մասնակցած են նաեւ Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի ու Արցախի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններն ու հայկական կազմակերպութիւններ։
Ոգեկոչման ձեռնարկին ներկայ եղած քոնկրեսականներու շարքին էին՝ ծերակուտական Էտ Մարքի, Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի ատենապետ Էտ Ռոյս, Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համաատենապետներ Ֆրենք Փալոն, Ճեքի Սփիր, Տէյվիտ Թրաթ, Տէյվիտ Վալատաու եւ փոխատենապետ Էտըմ Շիֆ, ինչպէս նաեւ՝ Ներկայացուցիչներու տան անդամներ Սալուտ Քարպահալ, Քեթրին Քլարք, Ճիմ Քոսթա, Աննա Էշու, Ռաճա Քրիշնամուրթի, Պրետ Շնայտըր, Պրետ Շըրմըն եւ Թան Սուզի։
Ելոյթ ունեցողներու շարքին էին՝ ծերակուտական Էտ Մարքի, Հայաստանի դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեան, Արցախի ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան եւ Երեւանի Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան։
Ներկայ էին նաեւ Քալիֆորնիոյ Նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի նախագահ Ճոզէֆ Քասթրօ, Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ճան Էվընզ, յունական, քրտական, ասորական ու մարդկային իրաւանց կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Կերկ Պետեան։