
Խրուաթիոյ Սփլիթ քաղաքին մէջ կը շարունակուին ծանրամարտի Եւրոպայի ախոյեանութեան մրցումները: Կանանց մրցաշարքին 75 քկ. ծանրութեան կարգին մէջ հանդէս եկած է Սոնա Պօղոսեան:
Երկամարտին, Պօղոսեան արձանագրած է 227 քկ. արդիւնք (101+126) եւ նուաճած է պրոնզէ մետալ:
Հայ ծանրորդը փոքր արծաթէ մետալի արժանացած է նաեւ հրում վարժութեան մէջ՝ բարձրացնելով 126 քկ.: Պոկում վարժութեան մէջ Սոնան 4րդն էր, կը տեղեկացնէ Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէն:
2016ի Եւրոպայի խմբային ախոյեանութեան, Սոնա Պօղոսեան 4րդ տեղը գրաւած էր: Եւրոպայի երիտասարդներու ախոյեանութեան, Պօղոսեան Եւրոպայի ախոյեանութեան փոխախոյեան դարձած էր:
Խրուաթիոյ Սփլիթ քաղաքին մէջ ընթացող ծանրամարտի Եւրոպայի ախոյեանութեան, Հայաստանին երկրորդ պրոնզէ մետալը պարգեւեց Կանանց 90 քկ. քաշային կարգէն Տաթեւ Յակոբեան: