ՆԻԿՈՍԻԱ.- Կիպրոսի խորհրդարանի վերջին լիագումար նիստին ընթացքին, կիպրահայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան Հայոց Ցեղասպանութեան 102ամեակին առիթով խօսք մը արտասանած է: Ան յայտնած է, որ 20րդ դարու առաջին ու մեծագոյն Ցեղասպանութեան յանցաւորները ցարդ կը մնան անպատիժ: «Իբրեւ հայեր, կը պահանջենք արդարութիւն, ո՛չ թէ վրէժ, ինչպէս նաեւ պատմական անտարակուսելի իրականութիւններու ճանաչումը», ըսած է ան՝ աւելցնելով. «Մեր նախահայրերու զոհողութեան արդար հատուցումը յաջորդող սերունդներուն համար պիտի ըլլայ յոյսի եւ լոյսի փարոս մը, որպէսզի զոհ չդառնան նաեւ այլ ժողովուրդներ՝ կրօնի կամ ազգութեան պատճառով»:
«Մինչեւ օրս, 28 երկիրներ, Միացեալ Նահանգներու 50 նահանգներէն 45ը, ինչպէս նաեւ զանազան միջազգային կազմակերպութիւններ ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Աւելի՛ն, անոր ժխտումը քրէականացուցած են հինգ երկիրներ, որոնց շարքին նաեւ Կիպրոսը: Կը պահանջենք գերպետութիւններէն, որ ի վերջոյ պարտադրեն Թուրքիոյ, որպէսզի ժամանակակից աշխարհին դիմաց ստանձնէ իր պարտաւորութիւնները եւ ընդունի իր գործած ոճիրները», եզրափակած է ան:
Միւս կողմէ, Կիպրական լրատու գործակալութիւն մը կը հաղորդէ, որ Կիպրոսի խորհրդարանի նախագահ Տեմեթրիս Սիլուրիս, նիստի աշխատանքներուն սկիզբէն առաջ, դիմելով ներկաներուն՝ յայտարարած է, որ նոյնիսկ եթէ հարիւր տարի անցած է 1915ի Հայոց Ցեղասպանութենէն, երբ թրքական պետութիւնը ցեղային մաքրագործում կատարեց հայերուն դէմ, Թուրքիան կը շարունակէ ժխտել մէկուկէս միլիոն հայերու սպանդը:
Ան միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղած է ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ նշած, որ Կիպրոսի խորհրդարանը աշխարհի մէջ առաջիններէն էր, իսկ Եւրոպայի մէջ առաջինը, որ 1975ին ճանչցաւ եւ դատապարտեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ պահանջելով վերականգնել պատմական ճշմարտութիւնը: