ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Կիրակի, Ապրիլ 9ին, Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքի տօնը՝ Ծաղկազարդը, հանդիսաւոր կերպով եւ ցնծութեամբ նշուեցաւ Արեւմտեան թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ:
Հաւատացեալներ՝ ձիթենիի ճիւղեր ի ձեռին, ծնողներ՝ մանուկներ իրենց գիրկը, համախմբուեցան մեր եկեղեցիներու շրջափակերը, երբ պատարագիչ հոգեւոր հայրերը առաջնորդեցին մանուկներու թափօրը՝ իբրեւ խորհրդանիշ Քրիստոսի Երուսաղէմ մուտքին:
Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Ս. պատարագ մատուցեց Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ: Թափօրի պահուն, սրբազանը օրհնեց մանուկները, ծնողներն ու հաւատացեալ ժողովուրդը: Ան իր պատգամին մէջ անդրադարձաւ Ծաղկազարդի տօնի խորհուրդին՝ մաղթելով, որ Ս. Յարութեան տօնէն շաբաթ մը առաջ, բոլորիս սիրտերն ու հոգիները պայծառանան այս տօնի խորհուրդով:
Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ Դռնբացէքի արարողութիւն, որ կը խորհրդանշէ Քրիստոսի երկրորդ գալուստը: