ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի առողջապահութեան նախարար Լեւոն Ալթունեան շնորհակալութիւն յայտնած է Համպուրկի «Էպենտորֆ» համալսարանական բժշկական կեդրոնի փոխպատուաստման բաժինի ղեկավար փրոֆ. Նիկոլաուս Կրէօկերին Ռ. Եօլեանի անուան արիւնաբանական կեդրոնին մէջ ցօղունային բջիջներու առաջին փոխպատուաստումներուն մասնակցելուն եւ աջակցելուն համար:
Գերմանացի յայտնի մասնագէտը եւ Արիւնաբանական կեդրոնի տնօրէն Սմբատ Դաղբաշեան նախարարին ներկայացուցած են նախորդ օրը իրականացուած փոխպատուաստման արդիւնքները:
Նիկոլաուս Կրէօկերը նշած է, որ արդիւնաւէտ համագործակցութեան իբրեւ արդիւնք՝ Արիւնաբանական կեդրոնին եւ Համպուրկի «Էպենտորֆ» կեդրոնի ցօղունային բջիջներու փոխպատուաստման բաժանմունքին միջեւ կնքուած է համագործակցութեան յուշագիր:
Լեւոն Ալթունեան շեշտած է, որ շարք մը հիւանդութիւններու բուժման նպատակով բարձր արհեստագիտական սարքերու կիրառումով ցօղունային բջիջներու փոխպատուաստման ներդրումը մեր երկրին արիւնաբանութեան ոլորտէն ներս մեծ յառաջընթաց կ՛ապահովէ:
Տոքթ.Կրէօգեր պատրաստակամութիւն յայտնած է օժանդակելու իր կողմէ ղեկավարուող բաժանմունքին մէջ երիտասարդ հայ մասնագէտներու եւս մէկ խումբի ցօղունային բջիջներու փոխպատուաստման ուղղութեամբ վերապատրաստման: