ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին ուղարկուած է աւելի քան 80 քոնկրեսականներու կողմէ ստորագրուած նամակ մը, որուն մէջ կոչ կ՛ըլլայ նախագահին ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Նամակը ստորագրողներուն շարքին են Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց եւ Հետախուզութեան յանձնախումբերու ատենապետներն ու բարձրաստիճան անդամներ՝ Հանրապետական թէ Դեմոկրատ կուսակցութիւններէն։
Քոնկրեսին մէջ Հայկական համախմբումի համանախագահ Ֆրանք Փալոնի համաձայն՝ պէտք է հաշուի առնել մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան գործին մէջ Միացեալ Նահանգներու յառաջամարտիկ ըլլալը, եւ նախագահի այս տարուան ուղերձին մէջ, 1915ին կատարուածը պատշաճօրէն պէտք է բնութագրել իբրեւ ցեղասպանութիւն:
«Աւելի քան 100 տարի անցած է Հայոց Ցեղասպանութենէն եւ ժամանակն է ճանչնալու հայերուն դէմ գործուած բռնարարքները՝ զանոնք յստակօրէն կոչելով իրենց անունով՝ ցեղասպանութի՛ւն: Ատիկա կրնայ ըլլալ հզօր յայտարարութիւն մը նախագահ Թրամփի կողմէ՝ իր նախագահութեան առաջին փուլին, յիշելով 1.5 միլիոն հայերը, որոնք օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած 20րդ դարու առաջին Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերն էին», ըսած է ան:
Նախագահ Թրամփին ուղղուած նամակին մէջ մասնաւորաբար ըսուած է. «Անկեղծօրէն եւ ճիշդ առաջնորդելով Ցեղասպանութեան յիշատակման գործը՝ դուք պէտք է հետեւիք նախագահ Ռեկընին, որ ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը 1981ին, եւ Այզնհաուրի վարչակազմին, որ նոյնը ըրած է 1951ին՝ հարցը ներկայացնելով Արդարադատութեան միջազգային ատեան»:
Յիշենք, որ իր նախագահութեան տարիներուն, Ռանըլտ Ռեկըն ճանչցած էր Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ յայտարարելով, որ ցեղասպանութեանց դասերը երբե՛ք պէտք չէ մոռցուին՝ իբրեւ օրինակ տալով Հրէական Ողջակիզումը, Հայոց Ցեղասպանութիւնն ու Քամպոտիոյ ցեղասպանութիւնը:
Վերոյիշեալ նամակը ստորագրած Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտի անդամներուն ամբողջական ցանկին համար, այցելել http://asbarez.com/162124 կայքէջը։
Նշենք, որ քոնկրեսականներ Տէյվիտ Թրաթ եւ Էտըմ Շիֆ, համագործակցութեամբ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի իրենց գործընկերներուն, Մարտ 22ին ներկայացուցած էին բանաձեւ մը, որ կոչ կ՛ընէ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններուն դասեր քաղելու Հայոց Ցեղասպանութենէն, որպէսզի կարելի ըլլայ ապագայ ցեղասպանութիւններու առաջքը առնել: