ԵՐԵՒԱՆ, «Նիւզպուք».- Ապրիլ 12ին, Լոս Անճելըսի մէջ տեղի ունեցաւ Ցեղասպանութեան նուիրուած «Խոստումը» ֆիլմի անդրանիկ ցուցադրութիւնը, որուն ներկայ եղան Հոլիվուտի հայ աստղերէն՝ Քարտաշեան քոյրերը՝ Քիմ եւ Քորթնի, աշխարհահռչակ երգիչ Սերժ Թանքեան եւ երգչուհի Շեր, ինչպէս նաեւ դերասանուհի Էնճըլա Սարաֆեան: Հիւրերու շարքին եղան նաեւ շարք մը յայտնի դերասաններ, ներառեալ՝ Օրլանտօ Պլում, Սիլվեսթր Սթալոն, Քրիսչըն Պէյլ, Օսքար Այզիք, Ժան Ռենօ եւ Նինա Տոպրեւ:
Նշենք, որ Գըրգ Գըրգորեանի «Սըրվայվըլ Փիքչըրզ» ընկերութեան արտադրած այս ֆիլմին բեմադրիչն է՝ «Օսքար» մրցանակի արժանացած Թերի Ճորճը, իսկ անոր բեմագիրներն են Ռապըն Սուիքորտ եւ Թերի Ճորճ: Պէյլի, Այզիքի, Ռենոյի եւ Սարաֆեանի կողքին, կարեւոր դերեր ստանձնած են նաեւ Շարլոթ Լը Պոն, Ճէյմզ Քրոմուէլ եւ Շոհրէ Աղտաշլու:
Ֆիլմի երաժշտական ձեւաւորման աշխատանքներուն մասնակցած է Սերժ Թանքեան: