ԼՈՆՏՈՆ, «Միրըր».- Հայաստանի հաւաքականի եւ անգլիական «Մանչեսթըր Եունայթըտ» ֆութպոլի խումբի կիսապաշտպան Հենրիկ Մխիթարեան Մանչեսթըրի մէջ կանգնեցուցած է իր Mercedes C3 AMG ինքնաշարժը՝ անօթեւանի մը օգնելու համար:
28ամեայ ֆութպոլիստը «սելֆի» նկարուած է երիտասարդ անօթեւան երկրպագուին հետ եւ 5 ստերլինկ տուած է անոր:
Հայ ֆութպոլիստը 60 ստերլինկ տուգանք ստացած է չթոյլատրուած տեղ ինքնաշարժը կանգնեցնելուն համար: