Պատրաստեց՝
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ


Եագոպ Քիւնցլեր ծնած է 8 Մարտ 1871ին, Զուիցերիոյ Հունթցվիլ կոչուող գիւղին մէջ: Անոր հայրը՝ Քոնրատ Քիւնցլեր ունեցած է 7 զաւակներ, որոնց երկրորդը եղած է Եագոպ: Ան 9 տարեկանին կորսնցուցած է իր հայրը: Մայրը անկարող ըլլալով հոգալու բոլոր զաւակներուն ապրուստը, անոնցմէ մի քանին ղրկած է ազգականներուն մօտ: Ան մահացած է 33 տարեկանին, հիւանդութեամբ, երբ Եագոպ 9 տարեկան էր: Որբ Եագոպ կ՛ապրի իր ատաղձագործ հօրեղբօր քով եւ հոն կը սորվի ատաղձագործութիւն: Քանի մը տարի կ՛աշխատի Պազելի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ, որպէս բուժքոյրերու օգնական: Հոն կը հանդիպի բժիշկ Հերման Քրիսթին, որմէ կը սորվի բժշկական եւ վիրաբուժական գիտելիքներ եւ ձերք կը ձգէ առողջապահական եւ բժշկական հմտութիւն: Եագոպ կը շահի բժիշկ Հերմանի վստահութիւնը եւ կը մտերմանայ անոր հետ: Բժիշկ Հերման Ժոհանս Լեփսիուսի հովանաւորած Գերմանական բարեսիրական կազմակերպութեան կողմէ կ՛ուղարկուի Ուրֆա, ուր կը գործէ որպէս բժիշկ-վիրաբուժ տեղւոյն գերմանական հիւանդանոցին մէջ: Եագոպ շուտով կը հրաւիրուի Հերմանի կողմէ, որպէսզի միանայ իրեն ու աշխատի որպէս օգնական: Ան ճամբայ կ՛ելլէ Զուիցերիայէն շոգեկառքով. կը հասնի Թուրքիոյ Ալեքսանտրէթ քաղաքը եւ այնտեղէն կ՛ուղուի դէպի Սուրիա, Հալէպ: Հոն պատահմամբ կը հանդիպի Գերմանացի օրիորդ Էլիզապէթ Պենտըրի, որուն հանդէպ մեծ համակրանք կ՛ունենայ: Եագոպ կը հասնի 60 հազար ժողովուրդ ունեցող Ուրֆա քաղաքը 1895ին: Այդ օրերուն հայերը կը կազմէին Ուրֆայի բնակչութեան 35 տոկոսը. իսկ մնացեալը՝ արաբներ, ասորիներ, քիւրտեր եւ թուրքեր էին: Եագոպ շուտով կը սորվի թրքերէն, քրտերէն, արաբերէն եւ հայերէն ու կը մշակէ լաւ յարաբերութիւններ Ուրֆայի տարբեր խմբաւորումներու հետ:

Եագոպ Քիւնցլեր շուտով կը դառնայ բժիշկ Հերմանի աջ բազուկը: Անոր բացակայութեան կը փոխարինէ զինք եւ կը կատարէ մանր վիրաբուժական գործողութիւններ: Սիրալիր յարաբերութիւն կ՛ունենայ հիւանդանոցի դեղագործ Աբրահամ էֆէնտիին հետ, որ շրջանաւարտ եղած է Պէյրութի Ամերիկեան բժշկական համալսարանէն:
Եագոպ Ուրֆայի մէջ կը յիշէ օրիորդ Էլիզապէթին հետ անցուցած հաճելի օրերը Հալէպի մէջ: Ան կը փափաքի ամուսնանալ անոր հետ: Կը նամակցի Էլիզապէթին, որ այդ օրերուն կ՛ուսանէր բուժքոյրութիւն Սկովտիոյ մէջ, եւ կը փոխանցէ իր փափաքը: Էլիզապէթ վկայականը ստանալէն ետք կը վերադառնայ Սաֆատ, Պաղեստին, ուր կ՛ապրէր իր ընտանիքը: Եագոպ եւ Էլիզապէթ կ՛ամուսնանան Սաֆատի մէջ, 7 Նոյեմբեր 1905ին՝ իրենց առաջին հանդիպումէն եօթը տարիներ ետք:
Նորապսակ ամոլը կը հասնի Ուրֆա, երկար ճամբորդութենէ մը ետք եւ կ՛արժանանայ ժողովրդային մեծ ընդունելութեան: Էլիզապէթ կը սկսի աշխատելու հիւանդանոցին մէջ՝ որպէս բժիշկի օգնական, բուժքոյր, հիւանդապահուհի եւ մատակարար:

Քիւնցլեր ամոլը առաջին քանի մը տարիներուն կ՛ապրի հիւանդանոցի վերի յարկին վրայ գտնուող համեստ երկու սենեակներուն մէջ: Եագոպ շուտով շինել կու տայ հիւանդանոցին մօտ անձնական կոկիկ նոր տուն մը իր պարտէզով, պզտիկ լճակով եւ կաղնիի ծառերով:
1909ին, անոնք իրենց երկու զաւակներուն՝ երկամեայ Արնոլտին եւ նորածին Մէյրին հետ կ՛երթան Զուիցերիա: Ճամբան, Հալէպի մէջ կը լսեն Ատանայի ջարդերուն մասին շատ մտահոգիչ լուրեր: Եագոպ մտահոգ պատահած ջարդերով՝ շուտով կը վերադառնայ Ուրֆա:
Մինչեւ 1910 անոնք կը բախտաւորուին երեք զաւակներով: 1910ին կը ծնէ Իտան, որ կ՛ըլլայ իրենց երկրորդ դուստրը:

Առաջին տարիներուն Էլիզապէթ ամառնային արձակուրդը կ՛անցընէ Սաֆէտի մէջ իր քրոջը մօտ: 1912ին Եագոպ Ուրֆայի բլուրներուն վրայ պզտիկ կոկիկ տուն մը կը վարձէ, որպէսզի ընտանիքը ամառը հոն անցընէ: Տան շուրջը գտնուած է մեծ պարտէզ մը՝ 1400 որթատունկերով եւ 30 թզենիներով: Եագոպ ամէն օր հիւանդանոցէն ամառանոց տունը կ՛երթայ կէս ժամ քալելով:
Ամառուան այս արձակուրդներուն Էլիզապէթ կը պատրաստէ հիւանդանոցի ուտեստեղէնի պահեստը՝ անուշի տեսակներ եւ չոր պտուղներ:
Ուրֆայի մէջ իրենց լուացարարուհիին միջոցաւ կ՛որդեգրեն փոքիկն Վարդուհին, որ կորսնցուցած էր իր մայրը, իսկ հայրը կոյր էր՝ 9 զաւակներով: Վարդուհին որդեգրուելէ ետք կը կոչուի Ռոզա: Ան կը մեծնայ Եագոպի եւ Էլիզապէթի զաւակներուն հետ՝ որպէս մէկ ընտանիքի զաւակ: Ռոզա հետագային կ՛ամուսնանայ հայ երիտասարդի մը հետ այն եկեղեցւոյ մէջ ուր ան որդեգրուած էր:

1914ին հիւանդանոցի բժշկապետ տոքթ. Վիշչեր ընտանեօք արձակուրդի կ՛երթայ Զուիցերիա, ուր շուտով զինուորութեան կը կանչուի: Ան Ուրֆա չի վիրադառնար մինչեւ 1918: Անոր բացակայութեան տարիներուն, Եագոպ կը փոխարինէ զայն եւ կը գործէ որպէս բժիշկ-վիրաբոյժ:
Եագոպ Քիւնցլեր 1914ի վերջերը կը վարակուի սուր համաճարակային թիֆիւսով եւ կը կորսնցնէ իր գիտակցութիւնը քանի մը օրեր: Սակայն ան կը պայքարի մահուան դէմ եւ կը վերագտնէ իր գիտակցութիւնը: Անոր բուժումին կը հասնի Այնթապէն տոքթ. Շեփըրտ:
1915ին կը սկսի Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Թուրք իշխանութեան որոշումով Ուրֆայի մէջ կը սկսին հայոց ձերբակալութիւնները, սպանութիւնները եւ տարագրութիւնը: Եագոպ կը հետեւի հայերու դիմադրութեան եւ ինքնապաշտպանութեան: Կը տեսնէ հայկական թաղերուն պաշարումը եւ հայերու անձնատուր ըլլալը: Թուրք իշխանութիւնը Ուրֆայի հայ բնակչութեան երիտաարդները կը հաւաքէ եւ կը տանի անյայտ կեդրոններ: Անոնք կը մնան անվերադարձ եւ մաս կը կազմեն Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու փաղանգին: Քաղաքին մէջ կը մնան տարեցները, կիները եւ մանուկները, որոնք կ՛ենթարկուին պարտադիր տեղահանութեան եւ կը լքեն իրենց տուները ու կը քալեն դէպի անորոշ ապագայ: Ուրֆայի հայոց քահանան կը ներկայանայ Եագոպ Քիւնցլերին եւ կը խնդրէ անկէ, որ երթայ Պերլին, տեսնուի տոքթ. Լեփսիուսի հետ եւ խնդրէ իր միջամտութիւնը կասեցնելու համար հայերու ջարդը:

Ուրֆա կը հասնին ամէն օր մօտակայ եւ հեռաւոր հայկական շրջաններէն հազարաւոր հայ գաղթականներ եւ անկէ կը քշուին դէպի Ռաքքա եւ Տէր Զօր:
Եագոպ կը լսէ գաղթական հայ կիներուն չարչարանքները եւ պատմութիւնները՝ ինչպէս շատ մը մայրեր նետած էին իրենց զաւակները Եփրատ գետ, ապա իրենք ալ խեղդամահ եղած էին: Ան ականատես կ՛ըլլայ հայ գաղթականներու անօթութեան, ծառաւին եւ տառապանքին, ինչպէս նաեւ թուրք վայրագ ամբոխին եւ ոստիկաններու կողմէ Ուրֆայի հայկական տուներու քննութիւններուն եւ կողոպուտին: Եագոպ շուտով կը փութայ անոնց պաշտպանութեան, խնամքին եւ բուժումին:
Քիւնցլեր ամոլը կը պահէ հազարաւոր հայ մամիկներ, դեռատի աղջիկներ եւ որբ երեխաներ իրենց տան եւ հիւանդանոցին մէջ: Սակայն պետական հրահանգով ան կը պարպէ հիւանդանոցը, որպէսզի ընդունի թուրք վիրաւոր զինուորները: Հակառակ այս կարգադրութեան, ան կը շարունակէ գաղտնօրէն ընդունիլ հարիւրաւոր հայ վիրաւորներ: Այս միջոցին, թուրք զինուորներ կը ներխուժեն հիւանդանոցէն ներս եւ բոլոր հայ հիւանդները կը վտարեն հիւանդանոցէն: Ան նիւթական մեծ օժանդակութիւն կը ցուցաբերէ շատ մը հայերու, սակայն կը բախի դժուարութեան եւ արգելքներու՝ Թուրք կառավարութեան կողմէ: Ուրֆայի ոստիկանապետը առիթով մը կը բանտարկէ զինք, սակայն հարկադրուած կ՛ըլլայ զայն ազատ արձակելու:

Եագոպ Քիւնցլեր կը հետեւի թուրքերուն կողմէ գործադրուած Հայոց Ցեղասպանութեան բոլոր իրադարձութիւններուն՝ հարիւր հազարաւոր անմեղ հայեր ջարդուած էին եւ նոյնքան ալ տարագրուած էին դէպի Տէր Զօրի անապատները:
Էլիզապէթ եւ Եագոպ կ՛օգնեն Ուրֆայի թուրք ընտանիքներու մօտ գտնուող հարիւրաւոր հայ աղջիկներու փախուստին դէպի Սուրիա:
Ուրֆան կը պարպուի իր հայ բնակչութենէն: Եագոպ կը շարունակէ Ուրֆա մնացած ոչ-հայ ժողովուրդի բժշկական խնամքը: Ան կ՛այցելէ նաեւ Ուրֆայէն դուրս շատ մը շրջաններ եւ կը զբաղի այդ շրջաններու հայ բնակիչներու առողջական հարցերով, կը դարմանէ եւ կը բուժէ հիւանդները:
Ան ձիով երկար եւ դժուար ճամբորդութիւն կը կատարէ դէպի անապատ: Ան կը հասնի Ռաքքա եւ հոն կը դարմանէ 6000 գաղթական հիւանդ հայերը:

Վերադառնալով Ուրֆա, կը կատարէ զանազան վիրաբուժական գործողութիւններ իր հիւանդանոցին մէջ՝ նուազագոյն եւ խեղճուկ բժշկական կազմածներու օգտագործութեամբ: Սակայն ան չի կրնար պէտք եղած բժշկական խնամքը տալ իր հիւանդներուն անհրաժեշտ դեղերու պակասին պատճառաւ: Ուստի, կ՛երթայ Հալէպ, որպէսզի ստանձնէ Զուիցերեայէն եկած նիւթական եւ բժշկական օժանդակութիւնները: Այս ճամբորդութեան ընթացքին ան կը մատնուի ահաբեկչական գործողութեան մը: Աւազակներ կը փորձեն սպաննել զինք, սակայն Եագոպ իր հմտութեամբ եւ բարի խօսքերով կը փրկուի: Այդ օրերուն թիֆիւսը համաճարակ վիճակ մը կ՛առնէ: Այս հիւանդութեամբ կը վարակուին նաեւ իր ընտանիքի անդամները: Ուստի Եագոպ կը հետեւի նաեւ անոնց բուժումին, շատ դժուար պայմաններու մէջ, եւ պէտք եղած դեղերու չգոյութեամբ:

Զինադադարին Բրիտանացիներ կը մտնեն Ուրֆա: Եագոպի եւ Էլիզապէթի ջանքերով 100 հայ կիներ մեծ դաշտագետին մը կը մաքրեն օդանաւ ընդունելու համար: Առաջին Բրիտանական օդանաւը էջք կը կատարէ յաջողութեամբ: Այդ միջոցին մեծ թիւով հայեր կը վերադառնան Ուրֆա: Անոնցմէ շատեր կը մնան անտուն, իսկ ուրիշներ կը հաստատուին իրենց քանդուած տուները: Քիւնցլեր ամոլը շուտով կը հասնի անոնց բոլոր պէտքերուն, կը դառնան անոնց պահապան հրեշտակը, կը հայթայթեն տուն-տեղ, հագուստ, կերակուր եւ տնային պիտոյքներ:
Եագոպ կը նորոգէ Ուրֆայի հայոց եկեղեցւոյ քանդուած զանգակատունը: Հայեր կը խուժեն նորոգուած եկեղեցին 1919ի Մարտի առաջին Կիրակի օրը, եկեղեցւոյ զանգը կը հնչէ եւ Եագոպ ինք կ՛ըլլայ եկեղեցւոյ քարոզիչը: Բողոքական եկեղեցին կը վերածուի դպրոցի: Եագոպ հարիւրաւոր հայ կիներու գործ կը հայթաթէ հիւանդանոցի հիւսուածեղէնի գործարանին մէջ:

Եագոպ Քիւնցլեր 1919ի գարնան ընտանեօք կը մեկնի Զուիցերիա: Հոն կը վկայուի վիրաբուժութեան վկայականով: Ուրֆայի հայ ժողովուրդին օժանդակելու միտումով, դասախօսութիւններ կը կազմակերպէ Զուիցերիոյ մէջ, կը խօսի անցնող չորս տարիներուն հայոց տառապանքին եւ գողգոթային մասին: Ան կը ներկայացնէ կոտորածներու, մահերու, վնասներու, որբերու եւ այրիներու թուային մանրամասնութիւնները: Կը տեսնուի Լեփսիուսի հետ եւ կ՛ապահովէ անկէ ամբողջական օժանդակութիւն եւ զօրակցութիւն: Էլիզապէթ եւ Եագոպ իրենց փոքրիկները կը տեղաւորեն Զուիցերիոյ մէջ գիշերօթիկ դպրոցի մը մէջ:
Տարի մը ետք՝ 1920ին, Եագոպ կը վերադառնայ Ուրֆա եւ կը տեսնէ, որ Բրիտանացիները արդէն քաշուած են Ուրֆայէն եւ տեղ տուած են Ֆրանսացիներուն: Երկար չի տեւեր ֆրանսացիներուն կեցութիւնը: Անոնք կը հեռանան ամբողջ Կիլիկիայէն:
Էլիզապէթ, ձգելով Զուիցերիան, շուտով կը վերադառնայ Ուրֆա եւ կը միանայ ամուսինին: Այս միջոցին կը սկսի Հայ ժողովուրդի երկրորդ տեղահանութիւնը եւ գաղթականութիւնը: Կը բակուի Քիւնցլերներու բարեսիրական հաստատութիւնը եւ հիւանդանոցը: Սակայն վրայ կը հասնի Ամերիկայի Մացեալ Նահանգներու Նպաստամատոյցը եւ կը սկսի անոր խնամատարական աշխատանքը ամբողջ Կիլիկիոյ տարածքին:

Նպաստամատոյցը կը ստանձնէ Կիլիկիոյ ամբողջ հայ որբանոցները եւ կը տանի փրկարար աշխատանք: Էլիզապէթ եւ Եագոպ կը դառնան Նպաստամատոյցի առաջին պաշտօնեաները: 1922ին Թուրքիոյ զանազան շրջաններէ հազարաւոր հայ երեխաներու հաւաքը տեղի կ՛ունենայ:
7 Փետրուար 1922ին, Հալէպի մէջ կը կայանայ հայ եւ ամերիկացի պատուիրակներու հանդիպումը: Նպաստամատոյցին կողմէ կը մասնակցի Սուրիոյ եւ Լիբանանի շրջանի վարիչ-տնօրէն ՄըքՔաֆիի գլխաւորութեամբ պատուիրակութիւն մը, իսկ հայերուն կողմէ՝ Սահակ Բ. կաթողիկոսի ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Հալէպի Քաղաքական ժողովի, Ազգային միութեան, Միջագետքի, Մարաշի եւ Այնթապի որբանոցներուն հոգաբարձութիւններու ներկայացուցիչները: Այս հանդիպումին միաձայնութեամբ կ՛որոշուի Կիլիկիոյ որբանոցներու հայ որբերը փոխադրել Սուրիա եւ Լիբանան: Այս համաձայնութենէն ետք կը սկսի որբերու փոխադրութիւնը Կլիկիայէն դէպի Լիբանան՝ Եագոպ Քիւնցլերի անմիջական հսկողութեամբ եւ տնօրինումով, որովհետեւ Եագոպ 1900էն ի վեր իբրեւ բժիշկ եւ միսիոնար կը գործէր Ուրֆայի եւ Տիգրանակերտի մէջ ու քաջածանօթ էր շրջանին եւ հայկական հարցերուն:
Իր ջանքերով 9500 հայ որբեր կը փոխադրուին Խարբերդէն, Ուրֆայէն, Մալաթիայէն եւ այլ շրջաններէ Սուրիա եւ Լիբանան: Ուրաֆէն կը փոխադրուին 1000 որբ, իսկ Խարբերդէն՝ 5000 որբեր: Առաջին հերթին կը փոխադրէ Խարբերդի 5000 որբերը 20 օրերու ընթացքին, 130 կառքերով եւ 200 ձիերով, ջորիներով ու էշերով: Իւրաքանչիւր կառքի իբր փոխադրավարձք մինչեւ Ճարապլուս կոչուած քաղաքը 20 օրերու համար կը վճարէ 400 ֆրանք:
Որբերը Լիբանան կը հասնին մեծ արկածախնդրութիւններով: 1400 հայ որբ աղջիկներ կը տեղաւորուին Լիբանանի Ղազիր գիւղի Մուսար վանքին մէջ: Մնացեալ որբերը կը տեղաւորուին Լիբանանի հայկական զանազան որբանոցները:

Քիւնցլեր ամոլը կը ստանձնէ Ղազիրի որբանոցին ղեկավարութիւնը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նպաստամատոյցին խնդրանքով: Անոնք կարճ արձակուրդով մը կը մեկնին Պասել, Զուիցերիա եւ 4 շաբաթ ետք կը վերադառնան Ղազիր, իրենց չորս զաւակներով միասին:
Վերադարձի ճամբուն վրայ, Եգիպտոսի մէջ, անոնք կ՛ունենան արկածախնդրութիւն մը. Եագոպ կը կողոպտուի եւ Պաղեստինի մէջ կը կորսնցէ իր ճամբորդական պայուսակը:
Վերադարձէն ետք Էլիզապէթ եւ Եագոպ կը կազմակերպեն Ղազիրի որբանոցը: Անոնք գիշեր ցերեկ կը գործեն՝ ի մտի ունենալով միայն որբերուն մատակարարումը, անոնց արհեստավարժութիւնը եւ ապագայի առողջ քաղաքացիներ դարձնելու մտահոգութիւնը:
Էլիզապէթ շարունակ կը մտածէ աղջիկ որբերուն երջանկութեան մասին եւ ըստ այնմ կը դիմէ զանազան միջոցներու:
Որբանոցը շուտով կը գործէ նաեւ որպէս դպրոց: Սովորական դասընթացքներու կողքին, աղջիկ թէ տղայ որբերուն կը բացուի արհեստավարժութեան զանազան բաժիններ: Կէսօրէն առաջ տեղի կ՛ունենայ սովորական դասընթացք, իսկ կէսօրէն ետք՝ արհեստավարժութեան դասընթացքներ:
Ամէն առաւօտ դպրոցական աշխատանքը կը սկսի եկեղեցական պաշտամունքով եւ Տէրունական աղօթքով:

Եագոբ Քիւնցլեր 1923ին, Ղազիրի որբանոցին մէջ, հիւանդ մանուկ մը դարմանելէ ետք աճապարանքով կ՛երթայ մահացած երեխայի մը թաղումին: Ճամբան կը սահի եւ կ՛իյնայ փշոտ թուփի մը վրայ: Փուշի կտորիկ մը կը մտնէ իր բթամատին եւ կը յառաջանայ բթամատնային փտախտ, որ կը զարգանայ եւ կը տարածուի դէպէ բազուկի յառաջամասը: Աջ բազուկի շտապ վիրաբուժական վիրահատում կը կատարուի Պէյրութի ամերիկեան հիւանդանոցին մէջ: Լրացուցիչ վիրահատում կատարուելէ ետք Զուիցերիոյ մէջ, Եագոպ կը վերադառնայ Ղազիր եւ կը ստանձնէ որբանոցին ամբողջական պատասխանատուութիւնը: Ան չի բաւարարուիր միայն որբանոցի սովորական աշխատանքով: Ան կը յղանայ նոր ծրագիրներ: Այդ օրերուն Եագոպ կը դարմանէ Ղազիրի մօտ Մաամըլթէյն գիւղին մէջ գործող կոյր որբերու հաստատութեան մալարիայէ եւ սիֆիլիսէ վարակուողները: Եագոպ Կը փոխադրէ այս 150 կոյր որբերու հաստատութիւնը Ղազիր, շնորհիւ Զուիցերիոյ հայերու բարեկամ կազմակերպութեան նիւթական աջակցութեան:
1923ին Եագոպ Քիւնցլեր Ղազիրի մէջ կը հիմնէ գորգաշինութեան գործարանը հսկողութեամբ Ուրֆայէն եկած բուրդի եւ գորգագործութեան մասնագէտ վարպետ Յովհաննէս Թաշճեանի: Այս ծրագիրը կը սկսի 400 տոլարով: Քանի մը տարի ետք անոր պիւտճէն կը հասնի 25,000 տոլարի: Մինչեւ 1930 այս գործարանէն 1000 աղջիկներ կը սորվին գորգ հիւսել եւ կ՛արժանանան վարպետ գորգագործի վկայականին եւ կ՛արտադրուի 3254 գորգ:
Այս գործարանին մէջ խումբ մը որբ աղջիկներ՝ 18 ամիսներու ընթացքին հերթաբար աշխատելով, կը հիւսեն 18 ոտք երկարութեամբ, 12 ոտք լայնքով եւ 4.5 միլիոն կապ-հանգոյցով գորգ մը: 1926ին հայ որբերը այս գորգը կը նուիրեն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Քելվին Քուլիճին՝ որպէս երախտագիտութիւն Հայոց Ցեղասպանութեան հայ որբաշխարհի որբերուն կողմէ Ամերիկայի ժողովուրդին, որ Ամերիկեան նպաստամատոյցին միջոցաւ մեծապէս օգտակար հանդիսացած էր հայ որբերուն:
Այս գորգը նկարազարդուած է զանազան կենդանիներու պատկերներով եւ կը ներկայացնէ Ս. Գիրքի Ադամի պարտէզը:
Գորգին ետեւը պիտակի մը վրայ արձանագրուած է՝ «In golden rule of gratitude to president Coolidge»:
Նախագահ Քուլիճ ստանալէ ետք այս պատմական եւ աննախընթաց նուէրը՝ նամակով մը կը գրէ.
This beautiful rug woven by children in Lebanon has been received. This, their expression of gratitude for what weve been able to do for this country for their aid, is accepted by me as a token of their goodwill to the people of the United States who have assisted in the work of the Near East Relief. Please extend to these orphans my thanks and the thanks of the vast number of our citizens whose generosity this labor of love is intended to acknowledge. The rug has a place of honor in the White House where it will be a daily symbol of goodwill on earth.
Նախագահ Քելվին գորգը կը պահէ նախագահական պալատի «Կապոյտ սենեակ»ին մէջ, մինչեւ 1928, իսկ իր նախագահութեան շրջանէն ետք՝ իր տան մէջ: Քուլիճի մահէն ետք գորգը կը մնայ իր ընտանիքին մօտ մինչեւ 1983 թուական, երբ գորգը կը վերադարձուի ամերիկեան պետութեան եւ կը զետեղուի պետական շտեմարանի մը մէջ: Քլինթընի նախագահութեան օրերուն, 1995ին, ամերիկահայ տիկին Մովսէսեան հեռատեսիլի յայտագիրի մը ընթացքին, Ուաշինկթընի նախագահական պալատի «Կապոյտ սենեակ»ին մէջ եւ ներկայութեամբ Առաջին տիկին Հիլըրի Քլինթընի, գորգ մը կը նշմարէ: Այս գորգը տեսնելէ ետք, տիկին Մովսէսեան կը վերյիշէ իր մօրը ամէնօրեայ պատմութիւնը, թէ ինչպէս ան Ղազիրի որբանոցին մէջ, 14 տարեկան հասակին, այլ որբերու հետ գորգ մը գործած է եւ նուիրած Ամերիկայի ժողովուրդին: Տիկին Մովսէսեան կը վերյիշէ նաեւ մօրը տուած այդ գորգին նկարագրականը: Ան մեծ համոզումով կը պնդէ, թէ իր տեսած գորգը մօրը նկարագրած նոյն գորգն է: Շուտով կապ կը պահուի տիկին Քլինթընի հետ: Անոր կը տեղեկացուի եղելութեան մասին եւ կը խնդրուի տեսնել այդ գորգը: Ամիս մը ետք,
Մովսէսեան ընտանիքը կը հրաւիրուի Ուաշինկթընի նախագահական պալատ՝ տեսնելու համար գորգը: Տիկին Մովսէսեան 1926ին Ամերիկա բերուած իր մօրը, ամուսինին եւ այլ բարեկամներու հետ կ՛երթայ եւ կը տեսնէ գորգը: Անոր վրայ եղած արձանագրութիւնները կը փաստեն գորգին մանրամասնութիւնները: Նաեւ նախագահական արխիւներուն մէջ կը գտնուի գորգին պատմականը եւ թէ ի՛նչ պայմաններու տակ անիկա հասած է նախագահ Քելվինին: Այս ձեւով, տիկին Մովսէսեան հոգեկան մեծ գոհունակութիւն կը ստանայ՝ տեսնելով Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած իր մօրը հետքերը Ամերիկեան նախագահական պալատին մէջ:
Գորգը Ամերիկա ղրկուելէ քանի մը շաբաթ ետք Ղազիր կ՛այցելէ Լիբանանի նախագահը եւ կը շրջագայի գործարանի բաժինները: Հոս ան կը պարգեւատրէ Եագոպ Քիւնցլերը Լիբանանի արժանեաց շքանշանով:
Տարիներու ընթացքին Ղազիրի որբանոցի մեծ տղաքը եւ աղջիկները՝ ձգելով որբանոցը, կը մտնեն կեանքի ասպարէզ եւ կ՛ունենան զանազան տեսակի գործունէութիւն համաձայն իրենց ստացած դաստիարակութեան: Շատ մը որբ աղջիկներ կ՛աշխատին լիբանանցի մեծահարուստ ընտանիքներու մօտ՝ Էլիզապէթին միջնորդութեամբ եւ ցուցմունքներով: Որբանոցի աղջիկներէն շատեր ամուսնութեան թեկնածուներ կ՛ունենան եւ կ՛ամուսնանան հայ երիտասարդներու հետ: Աղջիկներէն խումբ մը Ֆրանսա կը ղրկուի, գորգի գործարաններու մէջ աշխատելու համար:
1930ին որբանոցը կը փակուի եւ որբերը կը տեղաւորուին Լիբանանի մէջ գտնուող հայկական զանազան որբանոցներու մէջ: Սակայն Քիւնցլեր ամոլը չի դադրիր գործելէ եւ ծառայելէ հայութեան: Այդ օրերուն, Պէյրութի շրջակայքը կը գտնուին շատ մը խղճալի հայկական «քեմփ»եր: Շուտով կը սկսի իրենց նախաձեռնութեամբ «քեմփ»երու մաքրութիւնը եւ կերակուրի ձրի մատակարարումը՝ օրական 3000 հոգի ճաշ կը ստանայ եւ 700 քիլոկրամ հաց կը բաժնուի: Էլիզապէթ կը հիմնէ ձեռագործ աշխատելու կեդրոններ, ուր կ՛արտադրուին ապսպարանքի ձեռագործներ: Ան «քեմնփ»երու հասուն աղջիկներուն լիբանանցի անուանի ընտանիքներու մօտ աշխատելու կաելիութիւններ կը ստեղծէ:
Եագոպ երկու տարուան մէջ կը ծրագրէ եւ կը շինէ 4 եւ 8 սենեակնոց փոքր տուներ՝ ընդհանուր 400 սենեակ, 50,000 տոլար պիւտճէով: Իւրաքանչիւր սենեակ կ՛ունենայ իր խոհանոցային յարմարութիւնները:
Ան կը շինէ «բանուորական տուներ» մեծ դաշտի մը վրայ, նկատի ունենալով առողջապահական խիստ օրէնքները. Կը պատրաստէ երկու սենեակնոց 101 տուներ:
Այս բոլոր շինարարական իրագործումները կ՛իրականացնէ շնորհիւ զուիցերեացի բարեկամներու նուիրատուութիւններուն:
Այս տուներէն մաս մը հետագային կը վերածուի ծերանոցի, մաս մըն ալ կը վերածուի կոյրերու դպրոցի: 1946ին կը բացուի խուլերու եւ համրերու հաստատութիւնը Պուրճ Համուտի մէջ:
Զահլէի մէջ կը հիմնէ մանուկներու համար «ամառանոց հաստատութիւն տուն»ը, ուր չքաւոր հայ ընտանիքներէ 200 մանուկներ կ՛անցընեն իրենց ամառնային արձակուրդը:
Ան կը հիմնէ Լեռնալիբանանի Ազունիէի թոքախտանոցը, երկար դժուարութիւններէ ետք: Այս աշխատանքին կը ձեռնարկէ 1935ին եւ կը ճամբորդէ արտասահման, մասնաւորապէս Ամերիկա եւ հանգանակութիւն կը կատարէ:
Լիբանանահայութիւնը կը մեծարէ զինք 19 Մայիս 1939ին՝ յատուկ ձեռնարկով մը եւ իր յարգանքի, երախտագիտութիւն ու շնորհակալութիւն կը յայտնէ, մասնաւորապէս անոր երկար տարիներու աշխատանքին եւ հայ որբերուն մատուցած հոգատարութեան համար: Ձեռնարկի աւարտին ան ըսած է. «Որոշեցի ծառայել այդ ժողովուրդին՝ անկեղծ եղբօր մը նման: Եւ այդ օրէն ի վեր, կը հաւատամ, որ բոլոր բարբարոսական միջոցները, որոնք ի գործ կը դրուին քանդելու եւ ջարդելու համար հայ ժողովուրդը՝ ձախողած են եւ դատապարտուած են ձախողութեան»:
1946ին ան կ՛ունենայ սրտի տագնապ եւ կը բարձրանայ Ղազիր՝ իր առաջին տունը, հանգստանալու:
1947ին՝ 76 տարեկանին, Զուիցերիոյ «Պասել» համալսարանին կողմէ անոր կը շնորհուի պատուոյ դոկտորայի կոչումը:
5 Յունուար 1949ին Քիւնցլեր կ՛ունենայ երկրորդ սրտի տագնապը եւ այս անգամ աւելի ուժգին: Ան կը մահանայ նոյն գիշերը:
Թաղման արարողութիւնը կը կատարուի մեծ շուքով, Պէյրութի մէջ:
Յախուռն դամբանական մը կը խօսի հայր Պողոս Արիս: Անոր գերեզմանաքարին վրայ արձանագրուած է «Փափա Քիւնցլեր՝ հայ որբերուն հայրը»:
Յատկանշական են անոր հրատարակած երկու գիրքերը՝ «In the land of blood and tears» հայերէնով՝ «Արեան եւ Արցունքներու Երկրին Մէջ» եւ «The resources in the service of life»: 1929ին գրուած է առաջինը հատորը, որուն մէջ կը խօսի Հայոց Ցեղասպանութեան սարսափազդու դէպքերուն եւ իրադառձութիւններուն մասին, ինչպէս նաեւ կու տայ ականատեսի իր վկայութիւնները: Այս գիրքը նկատուած է Հայաստանի Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանի 2015ի Յուլիսի ամսուան գիրքը: Անիկա անգլերէնի թարգմանուած է 2007ին, ինչպէս նաեւ հայրէնի 2011ին Հայաստանի Հայոց Ցեղասպաութեան թանգարանին կողմէ, Քիւնցլերի ծննդեան 140ամեակին առիթով:
Էլիզապէթ, իր ամուսինին մահէն ետք, ընդհանրապէս կ՛ապրի Լիբանանի մէջ, իր աղջկան՝ Իտայի մօտ, Շմլան: Սակայն ան հերթաբար կ՛այցելէ իր զաւակներուն՝ Ամերիկա եւ Զուիցերիա:
Ան 9 Յունուար 1968ին կը տօնէ իր ծննդեան 93րդ տարեդարձը: Երկու օր ետք կը մահանայ:
Քիւնցլեր ամոլը աշխատած է հասնիլ միշտ բարձրագոյնին, քրիստոնէական ճշմարիտ ոգիով եւ խոր հաւատքով: Անոնց կեանքի նպատակը եղած է սիրել, օգնել, ուրախացնել, ծառայել եւ հանգստացնել հիւանդը, կարօտեալը, անկարը, այրին, որբը, անտէրը, գաղթականը եւ անիրաւուածը:
Այր եւ կին եղած են արտակարգ անձնաւորութիւններ՝ նուիրեալ ծառայողներ, յամառ աշխատողներ, բարեսիրտ, արի կեցուածքի տէր, զուարթախօս եւ հաճոյալի ներկայութիւն: Անոնք եղած են քաջասիրտ եւ ներշնչած են իրենց շրջապատին յոյս, հաւատք ու սէր:
Անոնք բաժնեկից եղած են հայ ժողովուրդի տառապանքին եւ ողբերգութեան: Ականատես եղած են Հայոց Ցեղասպանութեան հոլովոյթին եւ հետեւանքներուն: Անոնք եղած են հայ ժողովուրդին անբաժանելի մէկ մասնիկը եւ նուիրած են իրենց կեանքը հայ ժողովուրդին
Ահաւասիկ Եագոբ Քիւնցլերի վերջին խօսքերէն մէկը. «Ես եւ կինս ի սրտէ կը մաղթենք հայ ժողովուրդին Աստուծոյ օրհնութիւնը, որպէսզի անիկա կարող ըլլայ անվտանգ անցնիլ տակաւին գոյութիւն ունեցող դժուարութիւններու մէջէն ու հասնիլ լաւագոյն օրերուն»:
Հայոց Ցեղասպանութեան հազարաւոր հայ որբեր կոչած են զիրենք՝ «փափա» եւ «մամա»:
Մենք՝ հայերս, չենք կրնար մոռնալ Քիւնցլեր ամոլի կատարած մարդասիրական արտակարգ գործունէութիւնը հանդէպ հայ ժողովուրդին: Անոնք միշտ պիտի մնան մեր յիշողութեան մէջ: Սակայն հոս տեղին է յիշել, որ հայ որբերէն մէկը չգրեց անոր կեանքը: Այդ գործը կատարեց Քիւնցլերի մեծ աղջիկը՝ Իտա Ալեմետտին, որ ծնած էր Ուրֆա: Ան գիրքը վերնագրած էր՝ «Փափա Քիւնցլեր Եւ Հայերը»: Ան այս գիրքով ոչ միայն իր հօրը կենսագրութիւնը կը ներկայացնէ, այլ նաեւ հայ ժողովուրդի տառապանքը եւ թուրքին գործադրած ահաւոր ջարդը:
Մոնթրէալ, 10 Մարտ, 2017
Օգտագործուած աղբիւրներ՝
- Եագոպ Քիւնցլեր, Thirty years in middle east service.
- Եագոպ Քինցլեր, Տեղահանութեան Սարսափներէն, «Յեղափոխական Ալպոմ», Ապրիլեան Եղեռնի բացառիկ, Պէյրութ, 1975
- Իտա Ալեմետտին, «Փափա Քիւնցլեր Եւ Հայերը», Անթիլիաս, 1999
4 . Հարպոյեան Կարպիս, Ղազիրի Գորգին Հետքերով, «Խաչելութեան Ճանապարհը», Մոնթրէալ, 2015.
- Հարպոյեան Կարպիս, Նախագահ Քուլիճին նուիրուած Ղազիրի գորգին նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ մէջ, «Ասպարէզ» օրաթերթ, Լոս Անճելոս, 25 Օգոստոս 2015
- Հարպոյեան Կարպիս, «Փարիզի Մէջ Յայտնաբերուած Է Նախագահ Քելվին Քուլիճի Նուիրուած Գորգին Երկրորդ Օրինակը Տիկին Մայտա Շնորհոքեանի Մօտ», «Ազդակ» օրաթերթ, Պէյրութ, Լիբանան, 2015
- Jacob Kunzler, The resources in the service of life, 1959
- Jacob Kunzler, In the land of blood and tears, 1929
9.Wikipedia, the free encyclopedia
ԵՂԵՌՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՅՍ ԹԻՒԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՆԵՐԷՆ
ՓԱՍԱՏԻՆԱ
ՀՅԴ «Լեռնավայր» Կոմիտէ
ՀԵԴ «Նիկոլ Դուման» Ուխտ
ՀՅԴ Պատանեկան Միութիւն
ՀՄԸՄի «Ազատամարտ» Մասնաճիւղ
Համազգայինի Փասատինայի
«Շահան Շահնուր» Մասնաճիւղ
Հայ Ամերիկեան Տարեցներու Միութեան
Փասատինայի Մասնաճիւղ
Kessab
Education
Association of LA
Մեր նոր սերունդին մօտ
Հայկական Ցեղասպանութեան
հետապնդումը ապահովելու լաւագոյն կռուաններէն մին հայ դպրոցն է
Շամլեան
Ազգային Վարժարան
Անպայման օր մը պիտի հասնինք
եւ տիրանանք մեր բռնագրաւուած հողերուն
եւ տէր կանգնինք մեր սրբազան
եկեղեցիներուն, վանքերուն եւ կոթողներուն:
Նորթ Հոլիվուտի Հայց. Առաք. Եկեղեցի
ՀՅԴ «Բաբգէն Սիւնի» Կոմիտէ
ՀՕՄի «Մեղրի» Մասնաճիւղ
ՀՄԸՄի «Ջաւախք» Մասնաճիւղ