ՊՈԼԻՍ.- Պոլսոյ մէջ, Հայոց Ցեղասպանութեան 102րդ ամեակին նուիրուած յիշատակի ձեռնարկներ մեկնարկած են 20 Ապրիլի առաւօտեան։
Պոլսոյ Սամաթիա թաղամասին մէջ գտնուող Սուրբ Գէորգ հայկական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերուն նուիրուած հոգեհանգստեան կարգ:
Աւելի ուշ, մարդիկ հաւաքուած են Պոլսոյ կեդրոնական Պէյօղլու թաղամասի Թիւնէլ հրապարակը:
Մոմավառութեան եւ նստացոյցի մասնակցած են հարիւրաւոր հայեր, թուրք եւ քիւրտ մտաւորականներ, գրող-հրապարակախօսներ եւ մշակութային ու քաղաքական գործիչներ:
Մինչ այդ յիշատակի արարողութիւն կատարուած է 14 Ապրիլ 2011ին, թրքական բանակին մէջ պարտադիր զինուորական ծառայութեան ընթացքին սպանուած Սեւակ Շահին Պալըքճըի գերեզմանին մօտ՝ Պոլսոյ Շիշլի շրջանի հայկական գերեզմանատան մէջ: