ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Ապրիլեան այս օրերուն, երբ մեր սուրբ նահատակներուն բարեխօսութիւնը հայցող ծնրադիր աղօթք կը կատարենք մեր բոլոր եկեղեցիներու խորաններուն առջեւ եւ նահատակաց յուշարձաններուն դիմաց կանգնած, չենք կրնար չմտածել աշխարհի անցուդարձերուն մասին, որոնք երբեմն նոր օրինակներ կը հանդիսանան մարդկութեան հանդէպ կոտորածներու ու շահադիտական ջարդերու:
Անցնող հարիւր եւ երկու տարիներուն ընթացքին, Հայ Դատի հետապնդման բոլոր աշխատանքները համայն աշխարհի մարդկութեան, եւ մարդկային իրաւունքներու հարցերով զբաղող կազմակերպութիւններու ընդհանրական խիղճին ուղղուած ահագնացող ճիչ եղան, հասկցնելու ո՛չ միայն հայու սիրտին մէջ կոտտացող ցաւը, այլեւ փրկելու մարդկութիւնը ցեղասպանութիւններու կրկնութեան հաւանական աղէտէն:
Միջինարեւելեան երկիրներու աւազանին մէջ, խաղաղ բնակչութեան պատճառուած նոր գաղթականութիւնները, ո՛չ թէ մէկ քաղաքէն միւսը, այլ՝ երկրէ երկիր ցիրուցան ըլլալու տարաբնոյթ օրինակներով, անհամեմատելի են անշուշտ, Օսմանեան կայսրութեան թուրք երիտասարդ ջարդարարներու կողմէ հայ ազգին դէմ ծրագրուած ու գործադրուած իւրօրինակ ցեղասպանութեան հետ: Հայոց Ցեղասպանութեան ծրագրման եւ գործադրութեան նպատակը, խորքին մէջ մեր ազգի աքսորավարման ու բնաջնջումի հեռանկարը ունէր, որ սակայն իր վերջնական արդիւնքին չհասաւ, Ցեղասպանութիւնը կրած ու մահէն մազապուրծ ազատուած սերունդի վերապրումի աննախադէպ եւ հերոսական ջանքերուն շնորհիւ:
Արտաքին իր տեսքով, մեր հայրերուն կրած գաղթականութեան կրկնողութիւնը կը տեսնենք յաճախ գաղթականներու հեռասփռուող այն պատկերներուն մէջ, ուր անոնք իրենց տուներէն այն, ինչը կարելի է տեղափոխել՝ ծրարած ու իրենց ուսերուն բարձած փախուստի կը դիմեն: Այս դժբախտ գաղթականներուն աղջիկներն ալ երբեմն կը վաճառուին կամ կը բռնաբարուին, հակառակ այն խիստ հսկողութեան, որ կը կատարուի Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան եւ մարդասիրական միջազգային ընկերակցութիւններու կողմէ:
Աւելի տխուր եւ վշտալից օրինակներ են ա՛յն դէպքերը, երբ փախստականներ փրկութեան դիւրաբեկ լաստերու ապաւինելով իրենց կեանքը, ծովուն միւս ափը հասնելու ճիգ կը թափեն, բայց իրենց աչքերը կը փակեն մահուան սեւ գիրկին մէջ կամ կը կորսուին անդնդախոր ծովու մութ յատակին: Տարեցներ, երիտասարդներ, կիներ ու երեխաներ անմասն չեն մնար այս դաժան բախտէն: Իսկ այս դժբախտներուն «բախտաւորներ»ը անոնք են, որոնք դիմացի երկրի ծովուժի փրկարար ջոկատներուն կողմէ «կ՛որսացուին» եւ ցամաք կը հանուին խաղաղութեամբ:
Փրկութիւնը, սակայն, բաւարար չէ՛ պատուարժան կեանքով ապրելու համար: Որովհետեւ անոնք յատուկ ճամբարներու մէջ կը պահուին, յատուկ վրաններու տակ եւ կեանքի միայն տարրական պայմաններուն յատկացումով, կը մնան շրջափակուած, երբեմն անմատոյց բարձրութեամբ ցանկապատերու կալանքին տակ:
Ահա այն տարբերութիւնը, զոր ցուցաբերեցին մեր ժողովուրդի գաղթականներուն հիւրընկալ այն երկիրները, ուր ծուարեցան մեր նախնիք, թուրքին արնածոր եաթաղանէն փրկուելէն անմիջապէս ետք: Անապատի արաբական անտաշ ցեղախումբերէն սկսեալ, մինչեւ այդ օրերուն ֆրանսական տիրապետութեան ներքեւ գտնուող Սուրիայի եւ Լիբանանի պետական մարմինները, հայու խլեակներուն հետ չվարուեցան այնպէս, ինչպէս այսօր կը վարուին քաղաքակիրթ համարուող երկիրներու իշխանութիւնները նոր գաղթականներուն հետ:
Տէր Զօրի անապատներու կիզիչ արեւուն տակ խանձուած դէմքերով, պատառոտած ցնցոտիներով, կիսամերկ ու բոկոտն բեկորները մեր ազգի, երբ հանդիպեցան հիւրընկալ սուրիացի եւ լիբանանցի ժողովուրդին, չձերբակալուեցան եւ ո՛չ ալ ցանկապատուած ճամբարներու մէջ արգելափակուեցան մինչեւ իրենց ճակատագիրին յստակացումը, այլ՝ եղբայրական օգնութիւն ստացան անոնցմէ: Անոնք իրենց առօրեայ հացը կիսեցին աքսորական մեր ժողովուրդի զաւակներուն հետ, իսկ տեղական իշխանութիւններ ո՛չ միայն ապահով երկինք տուին անոնց, ո՛չ միայն վաւերաթղթային հպատակութիւն շնորհեցին, այլեւ լիիրաւ քաղաքացիի բոլոր իրաւունքները՝ խորհրդարանական մակարդակի վրայ: Դաժան գաղթականութեան հետեւանքը մեղմացաւ, բալասանուեցաւ ու սպիացաւ, հիւրընկալ երկիրներու եղբայրական ձեռքի մեկնումով եւ հարազատի վերաբերումով:
Տանջուած այս սերունդը, առանց տեղական լեզուի իմացութեան, վերապրումի հզօր կամքով ու ճակտի արդար քրտինքով, պատուաւոր իր կեանքը կերտեց: Դժուարին պայմաններու մէջ, վերապրումի տեսիլքը աչքերուն եւ պարկեշտութեան դրոշմը ճակատին, խոնարհագոյն արհեստներէն բարձրացաւ այս սերունդը, ազնիւ աշխատանքներուն ընձեռած հարստութեան հասնելով, առա՛նց գողութեան կամ պատուազրկման: «Աշխատասէր հայեր» անունը ժառանգեցին անոնք, բայց ո՛չ «մուրացիկ հայեր»: Անհաշիւ գումարներու հասնող օժանդակութիւնները, որոնք այսօր կը տրուին այս կամ այն երկրէն գաղթական ժողովուրդներու զաւակներուն, ո՛չ ոք տուաւ հայ ժողովուրդի անտէր ու անպաշտպան գաղթականներուն, բացի հիւրընկալ երկիրներու ժողովուրդներու մարդասիրական օժանդակութենէն, որ կը բխէր անոնց երկնատուր խղճմտանքէն: Վրանաբնակ, խաշնարած, կիսաքաղաքակիրթ անապատական ցեղախումբերը գուցէ անդրադարձ հակազդեցութեամբ մարդկային մօտեցում ցուցաբերեցին, կմախքացած գաղթականներուն մեր տառապակոծ ազգին, բայց կատարեցին իրենց խղճի պարտքը եւ մեր պատմութեան էջերուն մէջ արձանագրուեցան իբրեւ եղբայր ժողովուրդներ:
Իսկ նահատակները… մեր սո՜ւրբ նահատակները…
Անոնք երկնքի յաւերժութեան անմերձենալի փառահեղ օթեակներուն մէջ, իրենց գաղթականի ցուպը թողեր են արդէն եւ հանգչեր են յաւիտենական երանութեան լուսեղէն գիրկին մէջ: Դաժան գաղթականութիւնը անոնց համար «բախտաբեր» չէր եղած, որպէսզի կարողանային սպանդէն ազատուելով, հասնիլ հիւրընկալ երկիրներ: Մեր նահատակներէն շատեր իրենց տուներուն մէջ, ուրիշները իրենց մշակութեան դաշտերուն վրայ կամ՝ ռազմի դաշտին վրայ իյնալով, հայրենի հողին միախառնեցին իրենց մաքրամաքուր արիւնը: Մեր սուրբ նահատակներէն դժբախտագոյնները եղան անոնք, որոնք վտարանդի ըլլալով պապենական երկրէն, հայրենազրկուած հայութեան երախայրիքը հանդիսացան, սակայն չեղան այնքան «բախտաւոր», որ ամբողջացնէին աքսորի թշուառ եւ տատասկապատ ճանապարհը: Անոնց վիճակուած էր տառապանքի այն դառն բաժակը, որմէ պատմութեան մէջ օը մը խմեց նաեւ Աստուածորդին՝ Գողգոթայի բարձունքին:
Մեր սուրբ նահատակներուն սրտբաց հիւրընկալումը եթէ այս աշխարհի խաղաղ երկինքներուն ներքեւ չեղաւ, բայց եղաւ դրախտի՛ն մէջ, երբ Խաչեալը ինք, իր բախտակից եղբայրներին ու քոյրերին ընդունեց գրկաբաց…։ Այն կտտանքներուն, որոնց ինք ենթարկուեր էր խաչահաններուն կողմէ, նոյն եւ առաւել անպատմելի ցաւերով տանջահար մէկուկէս միլիոնը դիմաւորեց Ան, դրախտի դռներուն առջեւ, մխիթարելով եւ փառաց պսակին արժանացնելով զանոնք:
Երկնային սրբերամ խումբին պատկանող մեր նահատակներուն համար աղօթելով, աւարտած չենք համարեր մեր գործը: Մենք պայքարի ժողովուրդ ենք, ու պիտի մնանք պայքարող, առաջին հերթին վստահելով մեր սուրբ նահատակներուն բարեխօսութեան, ու ապա մեր ազգի երիտասարդ սերունդի հաւաքական յիշողութեան:
Ամէն գիշեր երկնակամարի լուսազարդ անդաստանին մէջ նոր աստղեր կը ծլին ու ծաղկին: Մեր մէկուկէս միլիոնը աստղահոյլ կազմեր է երկինքին մէջ, ուր երջանիկ կը լողան անոնք անջրպետի արծաթեայ անծայրածիր աւազանին սփոփարար ջուրերը վայելելով: Անոնք այնտեղ են, սակայն մենք այստեղ՝ գոյապայքարի այս կեանքին մէջ: Անոնց համար մեր վառած իւրաքանչիւր մոմը, պայքարի վառ ջահ մըն է, շարունակելու յաղթարշաւը դէպի արդար պահանջատիրութիւն, դէպի բռնաբարուած մեր իրաւունքներուն վերադարձը, դէպի վրէժ ու յաղթանակ…։