ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հանրային վարժարաններու հայ ուսանողներու ծառայութիւն մատուցող Ազգ. առաջնորդարանի յանձնախումբը՝ CASPS-ը, Չորեքշաբթի, Ապրիլ 26ի երեկոյեան իրականացուց Կլենտէյլի հանրային վարժարաններէ շրջանաւարտ հայ ուսանողներու ի պատիւ իր տարեկան 21րդ հանդէսը, Կլենտէյլի տարեցներու ժամանցի կեդրոնի սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի։
Առաջնորդ սրբազանին կ՛ընկերանար Կոմիտաս Ա. քհնյ. Թորոսեան։ Ներկայ էին պետական ընտրեալ պաշտօնատարներ, Կլենտէյլի կրթական համակարգի պատասխանատուներ, տնօրէններ, ուսուցիչներ, ծնողներ եւ համայնքի ներկայացուցիչներ։
Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ CASPS-ի գործավարին՝ Արսինէ Յովհաննիսեանի ողջոյնի խօսքով. հանդիսավարուհին էր Քրիստին Դաշտէմիրեանց։ Բացման աղօթքէն ետք, առաջնորդը ուղղեց իր պատգամը՝ շնորհաւորելով շրջանաւարտներն ու անոնց ծնողները։ «Իմաստութիւն Հօր Յիսուս» աղօթքին բառերը մէջբերելով՝ սրբազանը աշակերտներուն մաղթեց իմաստութեամբ լեցուիլ եւ Աստուծոյ պատգամներով առաջնորդուիլ, բարին մտածել եւ գործել։ Ան նկատել տուաւ, որ կեանքը լեցուն է ելեւէջներով, սակայն բոլոր դժուարութիւնները կարելի է յաղթահարել՝ դրական մօտեցումով, աշխատանքով ու յարատեւութեամբ։ Յիշեցնելով, որ քանի մը շաբաթ առաջ տօնեցինք Ս. Յարութեան տօնը, առաջնորդը ընդգծեց, որ մահուան վրայ Քրիստոսի յաղթանակը ապացոյց է այն բանին, որ Աստուծմով անկարելի բան չկայ, այլ կարելի է դժուարութեանց ու խոչընդոտներու վրայ յաղթանակ տանիլ աղօթքով ու Աստուծոյ ապաւինելով, խնդրելով իմաստութիւն եւ ուղղութիւն։
Սրբազանը աշակերտներն ու ծնողները շնորհաւորեց Ազգ. առաջնորդարանի ընտանիքին անունով, գնահատեց CASPS-ը եւ դաստիարակները, յարատեւ յաջողութիւն մաղթեց աշակերտներուն, այն յոյսով, որ անոնք վաղը պիտի ըլլան մեր ազգի առաջնորդները, պիտի ծառայեն Աստուծոյ, եկեղեցւոյ, ազգին ու իրենց ընտանիքներուն։
Յայտագիրը շարունակուեցաւ Կլենտէյլի կրթական համակարգի վարիչ Վիվիըն Էքճեանի բանախօսութեամբ։ Խօսք առին Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան ատենապետ դոկտ. Արմինա Կարպետեանն ու կրթական համակարգի պատասխանատուներէն՝ Ուինֆրետ Ռապըրսըն։
Աշակերտներ երաժշտական կտորներ ներկայացուցին դաշնակի ու սրինգի վրայ։ Աւարտին, տեղի ունեցաւ վկայագիրներու եւ գնահատագիրներու բաշխում՝ ձեռամբ Անէթ Զարեանի։
Նշենք, որ Կլենտէյլի կրթական միացեալ շրջանէն չորս վարժարաններ կը վայելեն CASPS-ի գործակցութիւնը։ Այդ վարժարաններէն ընդամէնը 189 հայ աշակերտներ շրջանաւարտ եղած են այս տարի։