ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ անցեալ ամիս Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաք Ուաշինկթընի եւ շարք մը այլ քաղաքներու մէջ կայացած ձեռնարկներուն մասնակցած Ծերակոյտի եւ Ներկայացուցիչներու տան անդամները անգամ մը եւս իրենց յարգանքի տուրքը մատուցած են Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն, միաժամանակ դատապարտելով Անգարայի կողմէ յառաջ մղուող եւ Ուաշինկթընին պարտադրուող ուրացման արշաւը։
«Շնորհակալութիւն կը յայտնենք քոնկրեսական մեր բոլոր դաշնակիցներուն, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին Քոնկրեսին, համայնքային եւ այլ կազմակերպութիւններու հետ իրականացուած ոգեկոչման ձեռնարկներուն», յայտարարած է Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան, աւելցնելով, որ անոնց զօրակցութիւնը կը նպաստէ ճշմարտութիւնը ծածկելու համար Թուրքիոյ մղած ուրացման քաղաքականութիւնը պարտութեան մատնելու ջանքերուն։
Այս առիթով յատկանշական ելոյթներ ունեցան Ծերակոյտի դեմոկրատ փոքրամասնութեան ղեկավար Չաք Շումըր, Ծերակոյտի Ռազմական սպասարկութեանց յանձնախումբի բարձրաստիճան անդամ Ճեք Ռիտ, Ներկայացուցիչներու տան դեմոկրատ փոքրամասնութեան ղեկավար Նենսի Փելոսի, Ներկայացուցիչներու տան Հետախուզական հարցերու բարձրաստիճան անդամ Էտըմ Շիֆ, Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համաատենապետներ՝ Ֆրենք Փալոն, Ճեքի Սփիր, Տէյվիտ Թրաթ եւ Տէյվիտ Վալատաօ։
Շումըր, Փալոն եւ Քոնկրեսի Հելենական համախմբումի համաատենապետ Քերոլայն Մըլոնի ելոյթներ ունեցան Նիւ Եորքի «Թայմզ» հրապարակին վրայ կայացած Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկին ընթացքին, իսկ Քալիֆորնիոյ մէջ կայացած շարք մը ձեռնարկներու ընթացքին խօսքեր արտասանեցին Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի ատենապետ Էտ Ռոյս, ինչպէս նաեւ՝ Շիֆ, Ճուտի Չու, Լինտա Սանչեզ եւ Ճիմ Քոսթա։ Վերջինս, Քալիֆորնիոյ Նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ կայացած ձեռնարկին ընթացքին մեծարեց նաեւ Սողոմոն Թեհլիրեանը։
Նշեալներուն եւ բազմաթիւ այլ քոնկրեսականներու ելոյթներէն հատուածներ կարդալու համար, այցելել https://anca.org կայքը։