ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան յաճախ դատեր կը բանայ իր հասցէին կատարուած նախատինքներուն համար, սակայն այս անգամ, ան դատական հետապնդումի մը սկսած է իր հասցէին գովասանքով լեցուն գիրքի մը հեղինակին դէմ։
«Էրտողանագիր» անունով բանաստեղծական գիրքին հեղինակը չափազանց գովասանքով խօսած է Էրտողանի մասին ու զայն ներկայացուցած է իբրեւ գերմարդ ու սրբազան էակ։
Էրտողանի փաստաբանը բողոքագիր մը յղած է այդ գիրքի հրատարակչատան ու պահանջած է, որ գիրքը հրապարակէն վերցուի։ Փաստաբանը դիտել տուած է, որ միայն նախատինքով չէ՛, որ յարձակում կը գործուի անհատներու իրաւունքներուն վրայ, այլ նաեւ՝ «չափէ դուրս գովասանքներով»։