«ՊԷՅՐՈՒԹ».- «Կարկաչ» մանկական եւ պատանեկան երգչախումբի հիմնադրութեան 20ամեակի համերգը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 6 Մայիսի երեկոյեան, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Ըսեմպլի Հոլ»ին մէջ՝ խմբավարութեամբ Զաքար Քէշիշեանի եւ ընկերակցութեամբ դաշնակահար Լիանա Յարութիւնեանի: Համերգը տեղի ունեցաւ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի հովանաւորութեամբ եւ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ: Բազմաթիւ հիւրերու եւ մշակութասէր հանդիսականներու կողքին, ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ «Կարկաչ» երգչախումբի իրերայաջորդ նախկին վարչութիւններէն անդամներ եւ նախկին կարկաչականներ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Սթեֆանի Պալթայեան: Ան ըսաւ, որ անցնող 20 տարիներուն երգչախումբը կարեւոր ներդրում ունեցած է նոր սերունդի երաժշտական դաստիարակութեան մարզին մէջ՝ պատրաստելով եւ ներկայացնելով 30 համերգներ: Ան յայտնեց, որ «Կարկաչ»ի տարազով առնուազն մէկ անգամ բեմ բարձրացած են 800 պատանիներ, յատկապէս «Կարկաչ»ի եւ Շուշիի «Վարանդա» երգչախումբին համար ծնած են շուրջ 100 նոր երգեր: Տարեկան, Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան համերգներուն, ինչպէս նաեւ ընթացիկ ձեռնարկներու ընթացքին երգչախումբը կատարած է մօտաւորապէս 600ի հասնող երգեր եւ ելոյթներ տուած է Հայաստանի, Արցախի եւ Կիպրոսի մէջ: Միշտ հրաւիրուած է մասնակցելու «Պէյրութ Չենց» փառատօնին եւ Լիբանանի միջազգային երգչախմբային փառատօնին՝ դառնալով Լիբանանի օտար երաժշտական շրջանակներուն մէջ ալ հայութիւնը ներկայացնող երգչախումբ: Իր խօսքի աւարտին Պալթայեան նշեց, որ 20ամեայ աշխատանքը իրականացած է շնորհիւ մշակութային գործին ու առաքելութեան հաւատացող համազգայնականներուն, բարեկամներուն, բարերարներուն, ծնողներուն, դաշնակահարներուն եւ հիմնադիր գեղարուեստական խմբավար, ղեկավար մայէսթրօ Զաքար Քէշիշեանի: 20 տարի անընդմէջ «Կարկաչ»ը մնացած է եւ պիտի շարունակէ մնալ պատնէշի վրայ Սփիւռքի սիրտը հանդիսացող Լիբանանի մէջ:
Յայտագիրի առաջին բաժինով պատանեկան երգչախումբը ներկայացուց «Ծիլն արեւի», «Պէյրութ», «Միլի եա ժաննաթ պլատի», «Ելէք հայեր ելէք քաջեր», եւ «Բարձրիկ Շուշի» երգերը: Յայտագիրի երկրորդ մասով հանդէս եկաւ մանկական երգչախումբը եւ ներկայացուց «Ծնկըլը-մնկըլ»ը, «Թզուկների երգ»ը, «Գճուճն ու ճուտը», «Կատուն կաթնատանը», «Ճանճը կարագում», «Խոզուկին գանգատը», «Կենդանիներու ժողովը», իսկ երրորդ բաժինով պատանեկան երգչախումբը ներկայացուց «Ծաղրածու եւ ծաղրաձու», «Գիտունիկ եւ քիթունիկ», «Խրտուիլակը այգում», «Իմ ուսուցի»չ, «Ապրիլ կրկին», «Հայկական ժողովրդական երգեր», ապա մանկական երգչախումբը միացաւ պատանեկանին եւ միասնաբար կատարեցին «Կարկա»չ երգը: Իւրաքանչիւր երգի ընթացքին ներկաները պաստառներու վրայ դիտեցին երգի առաջին կատարումներէն փոքրիկ հատուած մը՝ ունենալու համար յիշողութեան գեղեցիկ պահ մը:
Ձեռնարկին ընթացքին ծաղկեփունջով պատուուեցան «Կարկաչ»ի դաշնակահարներէն Սիրվարդ Պոյաճեան-Սապունճեան, Կամիլիա Երկանեան-Քէշիշեան, Արմինէ Ապաճեան-Պասմաճեան, Արեգ Տաղլեան եւ Լիանա Յարութիւնեան:
Այնուհետեւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան դիւանագիտական կցորդ Վլատիմիր Պօղոսեան կարդաց Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի շնորհաւորական ուղերձը մայէսթրօ Զաքար Քէշիշեանին, ապա սփիւռքի նախարարի հրամանով անոր յանձնեց սփիւռքի նախարարութեան Կոմիտասի անուան մետալը:
Խօսք առաւ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան:
Այնուհետեւ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Պետիկ Ծառուկեան յուշանուէրով մը պարգեւատրեց «Կարկաչ»ի հիմնադիր, գեղարուեստական ղեկավար եւ խմբավար Զաքար Քէշիշեանը:
«Կարկաչ»ի 20ամեայ համերգը եզրափակուեցաւ աւանդութիւն դարձած «Երազ իմ երկիր» երգով։