ԱՍՊԵՏ Պ.
Բռնապետական համակարգի մէջ ապրողները պարտաւոր են կուրօրէն վստահիլ իրենց կառավարիչին, այլապէս՝ կը պատժուին բռնապետի քմայքով ճշդուած չափով:
Ժողովրդավարական կարգերու մէջ բացառուած է ընտրեալ կառավարողներու խօսքերուն ու մտադրութեանց կուրօրէն հաւատք ընծայելը:
Նախագահ Թրամփին համար, պէտք է ըսել, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու բնակչութեան մէջ թէեւ կան հաւատաւոր մարդիկ, որոնք պատրաստ են հալած իւղի պէս կլլելու իր յայտարարութիւնները, բայց ի դժբախտութիւն իրեն, կան նաեւ միլիոնաւոր ուրիշներ, որոնք չեն կրնար իրեն շնորհել անվերապահ վստահութեան քուէն:
Դաշնակցային Հետախուզական Գրասենեակի տնօրէնի պաշտօնազրկումը, ի՛նչ արդարացումներով ալ հրամցուի նախագահ Թրամփի եւ իր կողքին կանգնած խօսնակներուն կողմէ, դժուար պիտի ըլլայ մարսել իբրեւ անշահախնդիր, երկրի ու այդ կառոյցի օգտին կատարուած կարգադրութիւն:
Կրնայ ըլլալ, որ Ճէյմզ Քոմիի հանդէպ համընդհանուր անվստահութիւն յառաջացած է, մանաւանդ՝ նախագահական ընտրութիւններու վերջին հանգրուանին անոր ցուցաբերած ձախաւեր, անժամանակ եւ թեկնածուներէն մէկուն (Հիլըրի Քլինթընին) բացայայտօրէն վնասող քայլերով. հաւանաբար, ամէն մարդ պիտի ուզէր, որ ան փոխարինուի աւելի հմուտ ու կարող անձով մը: Բայց ինչպէ՞ս կարելի է ընդունիլ, որ տակաւին մինչեւ վերջին օրերուն նախագահ Թրամփի կողմէ գնահատուած, գովերգուած (ի վերջոյ՝ իր նախագահութեան աթոռին տիրանալու գործին մեծ օգուտ բերած էր) Քոմին, նախագահութեան վարկն ու հեղինակութիւնը խնդրոյ առարկայ դարձնող քննութեան ամէնէն զգայուն պահուն՝ շա՛տ նպատակայարմարօրէն դարձաւ անպէտք, ու պէտք էր վայրկեան առաջ հեռացուէր:
Քոմիի անակնկալ պաշտօնազրկումը տակաւին բաւական երկար ժամանակ պիտի ցնցէ Ուաշինկթընի քաղաքական առօրեան, եւ դժուար է նախատեսել, թէ ինչպէս պիտի աւարտի նախագահ Թրամփի նախագահութեան այս խայտառակ արարը:
Կարելի է հաստատել, որ եթէ նախագահ Թրամփ, երկնային ներշնչումով կամ նոր խորհրդատուներու ներգրաւումով, չփոխէ իր գործելակերպը եւ ետ չկանգնի իր անհասկնալի կտրուկ կարգադրութիւններէն, ապա անցանկալի փոթորիկները կրնան խախտել նոյնիսկ ի՛ր աթոռին կայունութիւնը: