ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Թերթ».- Շուշիի բնակչութեան թիւը հասած է շուրջ 5 հազարի: Շուշիի քաղաքապետ Արծուիկ Սարգսեանի համաձայն՝ քաղաքին մէջ ազատ յարկաբաժին չէ մնացած:
«Դեռ շարունակում են հերթագրուել բնակարան ստանալու համար, իրենց տներն են վերանորոգում, բնակիչների թիւը 4 տարի առաջ եղել է մօտ 3000, տարբերութիւնը տեսէք», շեշտեց Արծուիկ Սարգսեան:
Քաղաքապետի խօսքով՝ վերջին 25 տարիներուն ընթացքին աւերուած, ռմբակոծուած Շուշի մշակութային քաղաքի փառքը վերականգնած է:
«Գործում են բոլոր դպրոցները, 800 աշակերտ կայ, մանկապարտէզները, մշակութային օջախները, այստեղ նաեւ Ագրարային համալսարանի մասնաճիւղ կայ», յայտնեց Արծուիկ Սարգսեան:
Ըստ քաղաքապետին՝ Շուշիի շուրջ 70 տոկոսը վերականգնած է, բայց քաղաքին համար տակաւին խնդիր է ջուրի մաքրման ու զտման կայանի բացակայութիւնը:
Քաղաքապետը ընդգծեց, որ քաղաքին հանդէպ մեծ հետաքրքրութիւն ցոյց կու տան բազմաթիւ զբօսաշրջիկներ: Տօնական օրերուն, Շուշիի մէջ գործող երեք հիւրանոցներուն բոլոր սենեակները զբաղուած կ՛ըլլան: