ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Մելգոնեան Կրթական հաստատութեան հիմնադրութեան 90ամեակին առիթով տեղի ունեցաւ աշխարհասփիւռ մելգոնեանցիներու հաւաք մը՝ Կիպրոսի մէջ, 2016ի Յուլիս 14-22, արժանավայել շուքով տօնախմբելու համար ազգային անզուգական բարերարներ Կարապետ եւ Գրիգոր Մելգոնեան եղբայրներուն թողած աւանդը: Մելգոնեանցի նախկին սաները, որոնք մասնակից էին այդ աննախընթաց հաւաքին, վերապրեցան իրենց աշակերտական օրերու հին ու քաղցր յուշերը: Անոնք այցելեցին «Մելգոնեան»ի իրենց երբեմնի դասարանները, ննջարանները, խաղավայրերը եւ այլ յիշատակելի վայրեր, խոնարհեցան անմահ բարերարներու դամբանին առջեւ՝ երախտագիտութեան իրենց տուրքը մատուցելու, եւ ուխտեցին վառ պահել «Մելգոնեան»ի երազը իրենց հոգիներուն մէջ:
Մելգոնեանցի բազմաթիւ սերունդներ, մինչեւ այսօր տակաւին ամուր կը պահեն «Մելգոնեան»ի աւանդը իրենց սիրտերուն մէջ, եւ անոր փակումէն ե՛տք իսկ «Մելգոնեան»ը կը շարունակէ ապրիլ իրենց հոգիներուն մէջ: 90ամեակի տօնախմբութիւններու յաջող ու փառաւոր աւարտը յայտնաբերեց այն ներուժը, որ կրնայ համախմբել մելգոնեանցիները եւ կազմել համաշխարհային կառոյց մը, շարունակելու համար բարերար եղբայրներուն ազնիւ գործը:
Եւ ահա՛ այդ մտասեւեռումէն մղուած, խումբ մը նուիրեալ մելգոնեանցիներ Լոս Անճելըսի մէջ սկսան յառաջ տանելու նոր շարժում մը՝ «Մելգոնեան համաշխարհային նախաձեռնութիւն» (Melkonian Global Overture, MGO) անուան տակ: Այս նախաձեռնութեան առաջին հրապարակային ներկայացումը կատարուեցաւ Յունուար 15, 2017ին, Մելգոնեան բարերարներուն նուիրուած յիշատակի ոգեկոչման առիթով, Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ «Կիրակոս» սրահին մէջ, ուր ներկայ էին աւելի քան 200 մելգոնեանցիներ ու բարեկամներ: Հոգեճաշին յաջորդած հանդիսութեան ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը, որուն եզրափակիչ մասով հրամցուեցաւ սահիկներու ցուցադրութիւն, որ կը ներկայացնէր անցեալ ամրան մելգոնեանցիներու համախմբումը Կիպրոսի մէջ: Տեսերիզը պատրաստուած էր Արսինէ Շիրվանեանի նախաձեռնութեամբ, որ մղիչ ուժն ու գլխաւոր կազմակերպիչն էր համախմբումին: Նկարներու ցուցադրութեան յաջորդեց Արսինէի ձայնագրուած պատգամը, ուր ան կը բացատրէր վերոնշեալ նախաձեռնութեան հիմնական նպատակները եւ զանոնք իրագործելու հնարաւորութիւնները:
Այս նախաձեռնութեան գլխաւոր նպատակն է սատարել հայ ինքնութեան ու մշակութային ժառանգութեան պահպանման՝ սփիւռքահայ ներկայ իրականութեան մէջ, ուր տարուէ տարի ականատես կը դառնանք մեր մայրենի լեզուի նահանջին, տոհմային արժէքներու տակաւ անհետացման եւ մեր ազգային գոյապայքարի տկարացման։ Մեր առաջնահերթ մտահոգութիւնն է Սփիւռքի հայկական գաղութներու վերաշխուժացումը, վերականգնումը եւ բարգաւաճումը: Այդ ուղղութեամբ, մենք պատրաստ ենք գործակցելու այն անհատներուն ու կազմակերպութիւններուն հետ, որոնք կը բաժնեն մեր տեսակէտները եւ կ՛աշխատին նպաստաւոր պայմաններ ստեղծել Սփիւռքի հայկական համայնքներուն տնտեսական, մշակութային, ընկերային եւ կրթական յառաջդիմութեան համար:
«Melkonian Global Overture»ի անմիջական ծրագիրներէն մէկն է կազմակերպել ուխտագնացութիւն մը դէպի Երուսաղէմ, Յուլիս 20-27, 2017ին: Մասնակիցները առիթ պիտի ունենան այցելելու քրիստոնէութեան օրրանը հանդիսացող այս քաղաքին պատմական սրբավայրերը: Անոնք պիտի տեսնեն մանաւանդ Երուսաղէմի հայկական թաղամասը եւ ծանօթանան անոր հայ բնակիչներուն ու անոնց դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, նաեւ պիտի այցելեն Հայոց բազմադարեան պատրիարքարանը՝ իր դարաւոր հարուստ ժառանգութեամբ: Մասնակիցները պիտի հանդիպին Երուսաղէմի Հայոց պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեանի հետ ու վայելեն անոր հիւրընկալութիւնը: Անոնք առիթը պիտի ունենան նաեւ այցելելու Ս. Գրային պատմական վայրերը, ինչպէս՝ Յիսուսի ծննդավայր Բեթղէհէմը, Մեռեալ ծովը, Գալիլիոյ լիճը, Յորդանան գետը եւ այլ տեսարժան վայրեր։
Երուսաղէմի շրջապտոյտին եւ յետագային կազմակերպուելիք ա՛յլ պտոյտներուն ու միջոցառումներուն գլխաւոր նպատակն է՝ ծանօթանալ սփիւռքահայ համայնքներու իրավիճակին, պայմաններուն ու կարիքներուն: Ասիկա առիթ կու տայ մշակելու ծրագիրներ, որոնք կրնան ծառայել վերաշխուժացնելու հայկական համայնքներուն կեանքը եւ պահպանելու մեր մշակութային հարստութիւնը: Վերոյիշեալ ձեռնարկներէն ու նուիրատուութիւններէն գոյացած հասոյթով պիտի հաստատուի մասնաւոր հիմնադրամ մը, կրթաթոշակներ յատկացնելու համար արժանաւոր հայ աշակերտներու համալսարանական ուսման:
Համաշխարհայնացումի (globalization) այս դարուն, եթէ իսկապէս կը հաւատանք հայ ինքնութեան գոյատեւման եւ մեր մշակութային ժառանգութեան պահպանման, ապա պէտք է պայքարինք կանգուն պահելու մեր դպրոցները, պատրաստելու համար նո՛ր սերունդներ եւ անոնց փոխանցելու այն ջահը, զոր մենք ստացանք մեր անզուգական Մելգոնեան բարերար եղբայրներէն ու մեր նուիրեալ դաստիարակներէն։
(Թղթակցութիւնը՝
Նախաձեռնութենէն)
Մայիս, 2017