ԵՐԵՒԱՆ, «Արմռադիօ».- Մայիս 3ին Երեւանի մէջ ծնած հինգ երեխաներէն երրորդը՝ տղան, Երկուշաբթի, 15 Մայիսին մահացաւ:
Առողջապահութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Անահիտ Հայթայեան յայտնեց, որ «Մուրացան» հիւանդանոցային համալիրի նորածնային վերակենդանացման բաժանմունքին մէջ գտնուող տղային վիճակը օրեր շարունակ մնացած էր ծայրայեղ ծանր եւ վերապրելու յոյս չկար:
«Սակայն մեր մասնագէտներն ամէն ինչ արել են նրա կեանքը փրկելու համար: Նրա վիճակն ամենածանրն էր, հէնց սկզբից եղել է գլխաւոր ռէանիմատոլոգի (վերակենդանացման մասնագէտի-Խմբ.) հսկողութեան ներքոյ, նա անընդհատ խորհրդակցում էր իր ամերիկացի գործընկերների հետ», ըսաւ Հայթայեան:
«Մօր եւ մանկան» գիտահետազօտական կեդրոնի եւ «Սուրբ Աստուածամայր» հիւանդանոցի նորածնային վերակենդանացման բաժանմունքին մէջ գտնուող աղջնակներուն վիճակը կը գնահատուի կայուն ծանր, բայց կայ դրական զարգացում: