ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
Ծանօթ իրողութիւն է, որ մեր գրողներուն մէկ մասը կ՛ըսէ ու կը գրէ՝ ընդունեցի-ընդունեցիր-ընդունեց, մաս մըն ալ կ՛ըսէ ու կը գրէ՝ ընդունեցայ-ընդունեցար-ընդունեցաւ: Սրտցաւ բարեկամ մը գրաւոր հարց կու տայ, թէ ո՞ւր է այս կացութեան լուծումը: Ան կը մէջբերէ նաեւ հայր Անդրանիկ Կռանեանի այն տեսակէտը, թէ՝ ընդունեց ունի վերացական նշանակութիւն (օրինակ՝ «տեսակէտդ ընդունեց»), իսկ ընդունեցաւ՝ նիւթական նշանակութիւն (օրինակ՝ «նամակդ ընդունեցաւ»). այս զանազանութիւնը կ՛արժէ այնքան… որքան կ՛արժէ, ինչպէս կ՛ըսեն ֆրանսացիք:
***
Արդի արեւմտահայերէնի մէջ ընդունիլ՝ «իլ» լծորդութեան պարզ բայ է, ճիշդ խօսիլ, հալիլ, մաշիլ բայերուն պէս: Ուրեմն տրամաբանօրէն պէտք է ունենայինք ընդունեցաւ, ճիշդ ինչպէս ունինք խօսեցաւ, հալեցաւ, մաշեցաւ: Սակայն մեզի անծանօթ պատճառներով՝ արեւմտահայերուս բացարձակ մեծամասնութիւնը կ՛ըսէ ընդունեց, այսինքն՝ բայիս կու տայ «ել» լծորդութեան պարզ բայի խոնարհում, ճիշդ ինչպէս՝ երգել-երգեց, վազել-վազեց, քալել-քալեց, այնպէս ալ՝ ընդունիլ-ընդունեց, փոխանակ՝ ընդունեցայ-ի: «Ընդունեցաւ» կ՛ըսեն միայն անոնք, որոնք ինչ որ տեղ մը, ինչ որ մէկէն կիսատ-պռատ «քերականութիւն» մը սորված են եւ աժան մաքրամոլութիւն կը բանեցնեն: Այլ խօսքով՝ ընդունեցաւ կ՛ըսեն անոնք, որոնք «քերականօրէն» կը մտածեն ու կը խօսին, իսկ այսպիսիներուն թիւը Սփիւռքի մէջ մատներով կը հաշւուի: Մեր ժողովուրդին 99,99 տոկոսը կ՛ըսէ ընդունեց, իսկ լեզուն որոշողն ու կանոնակարգողը ժողովուրդն է, հետեւաբար քերականագէտը,– մանաւանդ կիսագրագէտը,– իրաւունք չունի իր կամքը պարտադրելու:
Անցողակի ըսեմ, որ այս բայը գրաբարի մէջ անցեալ կատարեալ չունէր. փոխարէնը կ՛ըսէին՝ ընկալայ-ընկալար-ընկալաւ-ընկա՛լ կամ կալայ-կալար-կալաւ-կա՛լ: Այսինքն՝ գոյութիւն ունէր ընդունիլ բայը, եւ մեր նախնիները հանգիստ կ՛ըսէին ընդունիմ-ընդունէի, սակայն երբ կը հասնէին կատարեալ ժամանակին՝ կ՛ըսէին՝ ընկալայ-ընկալար-ընկալաւ-ընկա՛լ կամ կալայ-կալար-կալաւ-կա՛լ: Այս հաշուով՝ ընդունիլ պակասաւոր բայ էր: Շատ ուշ, հաւանաբար երբ այլեւս գրաբարը իր հոգեվարքը կ՛ապրէր եւ հաւանաբար աշխարհաբար լեզուամտածողութեան թելադրանքով, կարգ մը մատենագիրներ սկսած են ընդունիլ բայը խոնարհել կատարեալի մէջ եւս եւ ի՜՜՜նչ հեգնանք՝ երկու ձեւով՝ ընդունեց եւ ընդունեցաւ: Ուրեմն ներկայի երկուութիւնը շատ ու շատ հինէն կու գայ, եւ դարերու երկար պայքարի արդիւնք են ընդունեցի ձեւին այսօրուան ընդհանրացումն ու յաղթանակը: Ուստի անոնք որոնք ընդունեցայ կ՛ըսեն, պարզապէս… հոսանքն ի վեր կը թիավարեն:
Հիմա ինչպէ՞ս բանաձեւենք կացութիւնը:
Ընդունիլ-ը կը պատկանի խումբին մեր սակաւաթիւ այն բայերուն, որոնց խոնարհումը չի համապատասխաներ իր անորոշի կաղապարին: Ուրեմն անհամապատասխանութիւն մը կայ բայիս սկզբնական կաղապարին ու անցեալ կատարեալի խոնարհումին միջեւ: Բայց ինչպէս կը թելադրէ շարադրանքս, բացառութիւն չէ ան. օրինակ՝ բերել բայը «տրամաբանօրէն» պէտք է տար բերեցի-բերեցիր-բերեց, չէ՞՞՞, ինչպէս ներել կու տայ ներեցի-ներեցիր-ներեց, այլ խօսքով՝ «ել» լծորդութեան պարզ բայի կաղապարով: Բայց ահա կու տայ՝ բերի-բերիր-բերաւ-բե՛ր, կարծես բայս ըլլար բերնել, որովհետեւ միայն այս վերջինը կը խոնարհուի բերի-բերիր-բերաւ-բե՛ր կաղապարով, ճիշդ ինչպէս խածնել կու տայ՝ խածի-խածիր-խածաւ-խա՛ծ (բեր եւ խած երկու բայերուն արմատներն են): Կամ թէ՝ ծնիլ պէտք է տար ծնեցայ-ծնեցար-ծնեցաւ, բայց ահա կու տայ ծնայ-ծնար-ծնաւ:
Ինչո՞ւ այսպէս է:
Հարցումը պէտք է ուղղել անոնց, որոնք կառչած են ընդունեցայ ձեւին, սակայն բոլորովին անտարբեր են յիշեալ անհամապատասխանութիւններուն հանդէպ, աւելի ճիշդը՝ չեն իսկ նկատած, թէ ուրիշ «աղաւաղումներ» ալ կան հայերէնի մէջ, որոնք սակայն աղաւաղում չեն, այլ «լեզու» կոչուած ովկիանոսի ալետատան քմայքներն են, որոնց բոլոր ծալքերը մահկանացուներուս անպայման ծանօթ չեն կրնար ըլլալ:
***
Ձեր ուշադրութեան պիտի յանձնեմ շատ յատկանշական իրողութիւններ, որոնք տեղի կ՛ունենան մեր կեանքի տեւողութեան ու մեր աչքերուն առջեւ: Խաղալ բայի պարագան է առաջինը: Այս բայը երկու կաթիլ ջուրի պէս կը նմանի կաղալ բային, երկուքն ալ «ալ» լծորդութեան պարզ բայեր են: Ուրեմն հաւասարապէս պէտք է տան խաղացի-խաղացիր-խաղաց-խաղա՛, ինչպէս կաղալ կու տայ կաղացի-կաղացիր-կաղաց-կաղա՛:
Բայց ահա բոլորս ալ կը նկատենք, որ մեր ժողովուրդին բացարձակ մեծամասնութիւնը ներկայիս կ՛ըսէ՝ խաղցայ-խաղցար-խաղցաւ-խաղցի՛ր: Այսպէս կ՛ըսէ ո՛չ միայն ռամիկը, այլեւ մեր դպրոցականներն ու անոնց ուսուցիչներն ալ, յաճախ՝ հայոց լեզուի ուսուցիչը: Ես մինչեւ իսկ կը ճանչնամ մաքրակրօն մտաւորականներ, որոնք կը կիրարկեն «ընդունեցայ»,– ըստ իրենց,– ուղիղ ձեւը, սակայն միւս կողմէ կը խօսին ու կը գրեն խաղցայ-խաղցար-խաղցաւ-խաղցի՛ր յարացոյցով, որ– ըսելու պէտք կա՞յ,– չի համապատասխաներ իր սկզբնական կաղապարին: Այս խոնարհումին հանդէպ հանդուրժողութիւնը հասած է հոն, ուր գոնէ մէկ լեզուաբան՝ Յարութիւն Քիւրքճեանը, իր դասագիրքերուն մէջ ընդունած է անոր օրինականութիւնը:
Անշուշտ խաղացի-խաղացիր-խաղաց-խաղա՛ գրողները չեն պակսիր, սակայն ասոնք փոքրամասնութիւն են՝ քերականօրէն մտածողները, իսկ միւս կողմէ՝ մեր դասագիրքերուն մեծամասնութիւնը նմանապէս կը խոնարհէ բայս աւանդական ձեւով: Սակայն ի՞նչ կ՛ըլլայ արդիւնքը. աշակերտը դասարանին մէջ կը սորվի ու կ՛արտասանէ խաղացի-խաղացիր-խաղաց-խաղա՛, բայց երբ դուրս կ՛ելլէ դասարանէն՝ զբօսանքին, փողոցը, տունը եւ այլուր կ՛ըսէ խաղցայ-խաղցար-խաղցաւ-խաղցի՛ր, որուն կը համապատասխանէ խաղնալ անգոյ սկզբնաձեւ մը, ճիշդ մոռնալ-ին պէս. արդարեւ՝
մոռցայ-մոռցար-մոռցաւ-մոռցի՛ր,
խաղցայ-խաղցար-խաղցաւ-խաղցի՛ր
Այս ընթացքով՝ ապագայ լեզուաբանը ստիպուած է օր մը գրել, որ սխալ է խաղալ ձեւը, պէտք է ըսել խաղնալ, քանի այս վերջինն է, որ կու տայ խաղցայ-խաղցար-խաղցաւ-խաղցի՛ր: Այս վերանայումը ճիշդ ե՞րբ կրնայ տեղի ունենալ,– չենք գիտեր, թերեւս 100, 200 կամ 500 տարի ետք, սակայն լեզուն դէպի հոն կ՛երթայ:
***
Կարելի է տակաւին խօսիլ երկրորդ ձգտումի մը մասին, որ է «եց» բաղադրիչը ջնջելու հակումը «իլ» եւ «ուիլ» վերջաւորութիւնը ունեցող բայերու անցեալ կատարեալէն. օրինակ՝ ծռիլ-ծռաւ, մաշիլ-մաշաւ եւ զարնուիլ-զարնուաւ, փոխուիլ-փոխուաւ՝ փոխանակ կանոնականօրէն ըսելու՝ ծռեցաւ, մաշեցաւ եւ զարնուեցաւ, փոխուեցաւ: Այսպէս խօսողները այսօր բանակ մը կը կազմեն, եւ այս պարագային ալ անոնց շարքերուն մէջ ուսուցիչներ չեն պակսիր: Անշուշտ այս վերջին հակումը չունի նախորդներուն տարողութիւնը, սակայն արհամարհելի ալ չէ ան, մանաւանդ որ տեղի տալու ոչ մէկ նշան կը նկատուի:
Չէ պատահած, որ մէկը ներկայութեանս կիրարկէ այս ձեւերը, ու չմիջամտեմ: Բայց ահա խօսակիցներս յաճախ զարմանքով հարց կու տան,– չըսելու համար, որ կը բողոքեն,– թէ՝ ո՞ւր է սխալը, եւ ինչո՞ւ կարելի չէ ըսել՝ ծռաւ, մաշաւ ու զարնուաւ, փոխուաւ: Արդ, ի՞նչ կը կարծէք, թէ պիտի պատահի այն օրը, երբ մեր ժողովուրդին 90 տոկոսը ծռաւ, մաշաւ եւ զարնուաւ, փոխուաւ ըսէ: Շատ պարզ է, մեր քերականները պիտի ստիպուին գրել իրենց դասագիրքերուն մէջ, թէ՝ ծռիլ, մաշիլ կու տան ծռաւ, մաշաւ, իսկ զարնուիլ, փոխուիլ կու տան՝ զարնուաւ, փոխուաւ:
Եւ ուրիշ ելք չկայ: Այսպէս կը կերտուին ու կը թաւալին լեզուները:
Այսինքն՝ ձայն բազմաց՝ ձայն Աստուծոյ:
armenag@gmail.com
Յ. Գ.
Կը խնդրեմ գրաշարէն, որ բծախնդրօրէն յարգուին թաւագրութիւնները (bold), առանց որոնց՝ գրութիւնը կը կորսնցնէ իր իմաստը:
Յարգուին նաեւ երկար՝ խօսակցական գիծերը, որոնց փոխարէն զոյգ գծիկ դրած եմ՝–:
Մեր մամուլը իրաւունք չունէր խօսակցական գիծը միութեան կարճ գծիկով փոխարինելու: Սակայն ամէն առիթով զոհուած են հայերէնի իրաւունքները՝ համաշխարհայնացումի բագինին վրայ: Ձեր թերթը արժանապատիւ գործ մը տեսած կ՛ըլլայ՝ վերականգնելով հայերէնի այդ յափշտակուած իրաւունքը:
Յետ գրաշարութեան՝ ես տրամադիր եմ տեսնելու շարուածքը: Այս գեղեցիկ սովորութիւնը կը գործէր ատենին, չեմ գիտեր ինչու՝ ա՛յս ալ մոռացութեան մատնուեցաւ: