ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Քալիֆորնիոյ մէջ գինիի արտադրութեան կեդրոն հանդիսացող Նափա հովիտին մէջ, Շաբաթ, Մայիս 20ին, կ.ե. ժամը 2էն սկսեալ, «Թրեժըր Ուայն» հիմնարկին մէջ տեղի պիտի ունենայ գինի համտեսելու իւրայատուկ ձեռնարկ մը, որուն հասոյթը պիտի տրամադրուի Հայ կանանց միջազգային միութեան Սան Ֆրանսիսքոյի մասնաճիւղին կողմէ Հայաստանի մէջ կանանց կրթական ծրագիրներուն նպաստելու ջանքերուն։
Մասնակցութեան սակը 75 տոլար է, ներառեալ՝ զանազան ճաշատեսակներ։ Մասնակիցները նաեւ առիթը պիտի ունենան մեծաքանակի գինով գինիներ գնելու։
Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ տեղեր ապահովելու համար, դիմել aiwasanfrancisco@gmail.com հասցէին։