ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ատրպէյճանի զինուած ուժերը Երկուշաբթի, 15 Մայիսին, երեք հրթիռային հարուած հասցուցած են Արցախի ուղղութեամբ, վնասելով երկու ռազմական սարքերու, որոնցմէ մէկը «ՕՍԱ» տեսակի զենիթահրթիռային համակարգ է, միւսը՝ ոչ մարտական: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան, տեղեկացնելով այս սադրանքին մասին՝ յայտնեց, որ հարուածներէն միայն մէկը հասած է նշանակէտին:
«Հրթիռով փորձել են խոցել զինտեխնիկա, տուեալ դէպքում՝ հակաօդային միջոց, բայց կոնկրետ այդ միջոցն այդքան չի վնասուել: Այրուել է ուրիշ մեքենայ, որ ոչ մի կապ չունի զենիթահրթիռային «ՕՍԱ» համակարգի հետ, եւ մարդկային կորուստներ էլ չեն եղել: Այդ մասին յայտնել է նաեւ Պաշտպանութեան բանակը»:
Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը Երկուշաբթի օր յայտարարած էր, որ ոչնչացուցած է մէկ «ՕՍԱ» համալիր, մէկ լիցքաւորող մեքենայ եւ անոնց սպասարկող անձնակազմը:
Հրթիռային հարուածներու հետեւանքով հայկական կողմը վիրաւորներ չունի, վստահեցուցած է Յովհաննիսեան: Արցախի պաշտպանութեան նախարարութիւնը Երեքշաբթի օր տեղեկացուց, որ Ատրպէյճանական կողմը կիրառած է «Սպայկ» տեսակի իսրայէլական հեռակառավարուող հրթիռներ:
«Էնպէս էլ չի, որ հէնց առաջին խոցումից, առաջին արձակումից կարողացել են դիպչել: Դա, բնականաբար, իրենք չեն խոստովանի: Քօղարկման գործողութիւնները, գրագէտ մարտավարական աշխատանքը թոյլ է տուել խուսափել մեծ վնասներից, տուեալ դէպքում համալիրի կորստից», պարզաբանեց Արծրուն Յովհաննիսեան:
Վերջին անգամ ատրպէյճանական կողմը «Սպայկ» հրթիռներ կիրառած էր անցեալ տարի՝ ապրիլեան պատերազմի օրերուն: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը պաշտօնապէս դատապարտեց ատրպէյճանական կողմի հրթիռային հարուածները՝ զանոնք «սադրիչ գործողութիւններ» որակելով: Ղարաբաղեան կողմը, իր կարգին, յայտարարած է, որ «սադրանքն անպատասխան չի մնալու»:
Նախորդ օրուան ընթացքին Հայաստանի սահմաններուն վրայ կրակոցները շատ չեն եղած, մինչդեռ Ղարաբաղեան սահմանին վրայ թշնամի ուժերը 1200 կրակոց արձակած են, օգտագործուած է նաեւ ականանետ եւ նռնականետ: Արցախի նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ Դաւիթ Բաբայեանի խօսքով՝ «սահմանում իրավիճակը վերահսկելի է»:
«Սա կարելի է որակել որպէս ահաբեկչութիւն, ընդ որում ահաբեկչութիւն, որն ուղղուած է ոչ միայն Արցախի, Հայաստանի դէմ, այլ՝ միջազգային հանրութեանն առհասարակ, եւ նոյն ԵԱՀԿ գրասենեակի փակումը Ադրբեջանի ջանքերով ողջ հարաւկովկասեան տարածաշրջանում դրա վառ վկայութիւնն է», յայտնեց Բաբայեան:
Ղարաբաղեան հարցի կարգաւորումով զբաղուող ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները յառաջիկայ Յունիսին կամ Յուլիսին պիտի այցելեն տարածաշրջան:
Նշենք, որ ատրպէյճանական ուժերու կողմէ հայկական բանակի «ՕՍԱ» հակօդային համակարգ հարուածելու փաստին մասին Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակած է յայտարարութիւն, ուր կ՛ըսուի. «ՌԴն որպէս ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման միջնորդ դատապարտում է կրակի դադարեցման ռեժիմի բոլոր խախտումներն ու կոչ է անում կողմերին ձեռնարկել բոլոր միջոցները հակամարտութեան գօտում յետագայ սրումից խուսափելու համար»: