ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
Ատրպէյճանական խնձորի ընդվզեցուցիչ շրջանառութիւնը Երեւանի շուկաներուն մէջ բնականօրէն տեղի տուած է պետական պատկան մարմիններու միջամտութեան՝ բացայայտելով կաշառակերութեան ստոյգ պարագաներ:
Կաշառակերութի՛ւն՝ որուն միջոցով յանցագործ տարրեր կրցած են յաջողապէս ճեղքել սահմաններու վերահսկողութեան պատը… Ես այս է, որ կը հասկնամ «Արմէնփրէս»ի լրատուութենէն: Իշխանութիւնները արդէն առանձնացուցած ըլլալ կը թուին օրինախախտման արմատները (իմա՝ մաքսանենգնե՛րը) եւ կաշառակեր պաշտօնեաներու ինքնութիւնը ճշդա՛ծ. ու նաեւ առած ըլլալ կը թուին անհրաժեշտ քայլերը յանցաւորները պատժելու եւ հսկողութեան որակը բարձրացնելու: Եւ առ այդ՝ «Արմէնփրէս»ի միջոցով կ՛ուզեն հաւաստիացնել հանրութիւնը, որ ամէն ինչ արդէն հակակշռի տակ է: Այսինքն, business as usual, սիրելինե՛ր: Հանգստացէ՛ք:
Դուք հանգստացա՞ք:
Պէտք կա՞յ յիշեցնելու, որ ոչինչ կայ հանգստացնող այս հաւաստիքներուն մէջ: Կ՛երեւի իշխանութեան դիւանակալները դեռ չեն անդրադարձած, որ այս մէկը շատ հեռու է «փողոց»ի հերթական կաշառակերութիւններէն: Այստեղ թշնամի երկիրն է, որ մտած է հայկական շուկայ: Ա՛ն է, որ կրցած է մօտենալ մեր սահմանագիծին: Ա՛ն է, որ կրցած է գործընկերութիւն հաստատել մեր երկրի ապօրինութեան դաշտերէն ներս: Կրցած է կաշառել օրէնքի սպասաւորները: Եւ – ի՜նչ գոռոզութիւն – ան կրցած է համոզել մեր մայրաքաղաքի «խանութպան»ները, որ լիովին ընդունելի է (նորմա՛լ է) եւ բացարձակապէս ապահո՛վ՝ անթաքոյց առաջարկել թշնամի երկրի ապրանքը:
Ինչպէ՞ս լսելի դառնանք այս դիւանակալներուն, որ այստեղ ահաւոր բան մը տեղի կ՛ունենայ: Ի՞նչ «շամփուր»ով դաղենք, որպէսզի ի վերջոյ արթննան եւ անձամբ հաստատեն, որ կաշառակերութեան փաստէն շատ աւելի ծանրակշիռ իրականութեան մը առջեւ կը գտնուի պետութիւնը: Ինչպէ՞ս հասկցնենք, որ իրենց այս արարքով, օրէնքը անսաստողներու այս վոհմակը ոչ միայն կը չարաշահէ մեր երկրի տնտեսութիւնը եւ աշխարհի առեւտրական հանրութեան աչքին ծաղր ու ծանակի առարկայ կը դարձնէ մեզ, այլեւ բացէ ի բաց կը կացինահարէ հիմքերը մեր երկրի անվտանգութեան: Եւ ասիկա այն իսկ օրերո՛ւն, երբ թշնամին նորանոր զոհեր կը խլէ մեր սահմանապահ ուժերու շարքերէն: Չե՞նք տեսներ:
Մեծ հիասթափութեամբ էր որ լսեցի խնձորներու լուրը եւ մինչեւ օրս կը սպասեմ պաշտօնական արձագանքի մը մեր մամուլի մէջ։ Ամէն ինչ կրնայի հասկնալ եւ ըմբռնել, սակայն այս մէկը երեւակայութենէ վեր բան է։ Ազգային եւ երկրի անվտանգութեան խնդիր է։ Պէտք չէ՞ մեր մարմինները ահազանգէին եւ իրենց ցասումը արտայայտէին։ Կրնամ հասկնալ որ անարդարութիւններու դէմ լուր կրնան անցնիլ, տրուած ըլլալով որ Հանրապետականի հետ Գոալիսիոն կազմած ենք, բայց այս մէկը ամէն չափանիշ կը կոտրէ կանցնի։
Ուրախ եմ որ Կարօ Արմենեանը եւ Սագօ Մահսեէրէճեանը անդրադարձած են այս նիւթին Ասպարէզին մէջ։Ակնկալութիւններս բնականաբար Հայաստանի մեր կառոյցներէն էր, բարձրագոյն մարմնէն էր։Ինչո՞ւ լռութիւն կը պահեն, ինչո՞ւ կեցուածք չեն ցուցաբերեր։
Հրաչ Սիմոնեան