
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Կիրակի, Մայիս 21ին կայանալիք իր տարեկան 9րդ ձեռնարկին ընթացքին պիտի մեծարէ Լոս Անճելըսի Երեխաներու հիւանդանոցը, ինչպէս նաեւ՝ երիտասարդ գործիչներ Նազելի Խոդաբախշն ու Անի Ղարիպեանը։
Ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբի համաատենապետ Սիւզի Օհանեան կը յայտնէ, թէ բոլորին համար ակնյայտ է այն իրողութիւնը, որ համայնքի բարգաւաճման համար կենսական է նոր սերունդին նկատմամբ գուրգուրալից մօտեցում ցուցաբերելու կարեւորութիւնը՝ աւելցնելով, որ նշեալ երիտասարդուհիներն ու հիւանդանոցը կարեւոր դերակատարութիւն ունին յաջորդ սերունդի ֆիզիքական եւ մտային առողջութիւնը երաշխաւորելու աշխատանքին մէջ։ «Մեր երիտասարդութեան վրայ անոնց ունեցած դրական ազդեցութիւնը լուսարձակի տակ առնելու համար, Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբը որոշած է զանոնք մեծարել», կ՛ըսէ Օհանեան։
Եոհան Լեփսիուսի անուան մրցանակը պիտի շնորհուի Լոս Անճելըսի Երեխաներու հիւանդանոցին, որ 1901էն ի վեր կենսական եւ որակաւոր առողջապահական սպասարկութիւններ կը տրամադրէ շրջանի երեխաներուն։ Փոքրիկ Հայաստանի սահմաններէն ներս գտնուող սոյն հիւանդանոցը, վերջին հինգ տարիներուն ընթացքին նման սպասարկութիւններ տրամադրած է աւելի քան 9000 հայ երեխաներու, միաժամանակ աջակցելով Հայաստանի մէջ մարդասիրական առաքելութիւններ կազմակերպող Հայկական ոսկրածուծի եւ Աչքի խնամքի ծրագիրներուն։ Նշենք, որ այս հիւանդանոցին մէջ կ՛աշխատին մօտաւորապէս 100 հայ բժիշկներ, ուսումնասիրողներ, հիւանդապահներ եւ բժշկական մարզի այլ արհեստավարժներ։
Նաեւ, Պըրպենքի ՀԵԴի «Վարագ» ուխտէն Նազելի Խոդաբախշն ու Անի Ղարիպեանը պիտի ստանան երիտասարդ գործիչներու յատուկ՝ Գարեգին Նժդեհի անուան մրցանակը:
Նազելի Խոդաբախշ 2011էն ի վեր անդամ է «Վարագ» ուխտին եւ եղած է անոր վարչութեան ատենապետը, իսկ ներկայիս, կրտսերներու համավարիչն է, ինչպէս նաեւ համաատենապետը՝ ՀԵԴի «Երիտասարդական ջոկատներ»ու յանձ-նախումբին։ Ան իրաւաբանութիւն կ՛ուսանի Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ։
Անի Ղարիպեան ծնած է Հայաստան եւ հասակ նետած է Էսթոնիոյ ու Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Ան մանկութենէն ի վեր յատուկ սէր ունեցած է հայերէնին, հայոց պատմութեան եւ հայկական մշակոյթին նկատմամբ, ինչ որ աճած է՝ ՀԵԴին անդամակցելու շնորհիւ։ Ան ուխտէն ներս ու շրջանային մակարդակի վրայ ստանձնած է զանազան պատասխանատու պաշտօններ եւ 2013էն ի վեր Պըրպենքի ՀԵԴի կրտսերներու համավարիչն է։
Ինչպէս հաղորդած էինք նախապէս, մեծարուողներու շարքին պիտի ըլլան նաեւ Պըրպենքի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ճես Թալամանթես (Ուիլեըմ Սարոյեանի անուան մրցանակ) եւ պատկերասփիւռի հաղորդավար Արաքսիա Կարապետեան (Հրանդ Տինքի անուան մրցանակ), որոնք նպաստած են քաղաքի հայ համայնքին։
Ձեռնարկի հանդիսավարութիւնը պիտի ստանձնէ Կլենտէյլ քաղաքի քարտուղար Արտի Քասախեան։
Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբի տարեկան ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Մայիս 21ին, երեկոյեան ժամը 5էն սկսեալ, «Անուշ» ճաշարանին մէջ (1320 W. Glenoaks Blvd., Glendale, CA 91201): Տեղեր ապահովելու համար, այցելել www.itsmyseat.com/ANCAB կայքէջը: