ԵՐԵՒԱՆ, «Ռազմինֆօ».- Հայաստանի Զինուած ուժերու աշխատանքային խումբը Մայիս 23էն 27 պիտի մասնակցի Ռուսական օդատիեզերական պաշտպանութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունենալիք խորհրդակցութիւններուն եւ «Մարտական ընկերակցութիւն-2017» զօրավարժութեան իրականացման վայրի տեղազննման աշխատանքներուն:
«Մարտական ընկերակցութիւն-2017» մարտական հրաձգութեամբ համատեղ զօրավարժութիւնը պիտի իրականանայ յառաջիկայ Սեպտեմբերին, ռուսական «Աշուլուկ» զօրավարժարանին մէջ (Կասպից ծովու հիւսիսը):
Սոյն վարժութեանց պիտի մասնակցին Հայաստանէն, Ռուսիայէն, Ղազախստանէն, Պելոռուսէն, Ղրղզստանէն եւ Տաճիկիստանէն զօրաբաժիններ: