ԵՐԵՒԱՆ.- Նախագահ Սերժ Սարգսեան Հինգշաբթի, 25 Մայիսին ստորագրած է նախարարներ նշանակող հրամանագիրներ:
Նախագահի հրամանագիրներով նախարար նշանակուած են՝
Վաչէ Գաբրիէլեան, միջազգային տնտեսական համարկման եւ բարեփոխումներու նախարար, Հայաստանի Հանրապետութեան փոխվարչապետ.
Սուրէն Կարայեան, տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար.
Էդուարդ Նալբանդեան, արտաքին գործոց նախարար.
Վիգէն Սարգսեան, պաշտպանութեան նախարար.
Իգնատի Առաքելեան, գիւղատնտեսութեան նախարար.
Աշոտ Մանուկեան, ուժանիւթի ենթակառուցուածքներու եւ բնական պաշարներու նախարար.
Վահան Մարտիրոսեան, փոխադրութեան, կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեանց նախարար.
Դաւիթ Յարութիւնեան, արդարադատութեան նախարար.
Հրանոյշ Յակոբեան, սփիւռքի նախարար.
Վարդան Արամեան, ֆինանսներու նախարար։
Նախագահի հրամանագիրները հրապարակուած են Հանրապետական կուսակցութեան Գործադիր մարմինի Հինգշաբթի օրուան նիստէն ետք: Նիստի գլխաւոր օրակարգը եղած է նախարարներու նշանակման հարցը:
Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան խօսնակ, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանով լրագրողներուն տեղեկացուցած է, թէ կուսակցութեան Գործադիր մարմինը որոշած է կառավարութեան կազմին մէջ էական փոփոխութիւններ չմտցնել:
«Այս փուլում, ընդհանուր առմամբ, դրական ենք գնահատում վարչապետ Կարէն Կարապետեանի կաբինետի (դահլիճի-Խմբ.) աշխատանքները: Կը լինի մէկ փոփոխութիւն. դուք գիտէք, որ կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար-նախարարն ԱԺում ունի քաղաքական մեծամասնութեան աջակցութիւնը, եւ այդ պաշտօնը կը վերացուի եւ կը դառնայ կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար: Նախարարների 19 թիւը կը դառնայ 18, կը համապատասխանեցուի նոր սահմանադրութեանը», ըսաւ Շարմազանով:
Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան խօսնակը նաեւ տեղեկացուց, որ փոփոխութեան կ՛ենթարկուի միայն արդարադատութեան նախարարը:
«Մնացած նախարարները, այդ թւում Դաշնակցութեան մեր գործընկերները, կը շարունակեն իրենց աշխատանքը կառավարութիւնում», եզրակացուց Շարմազանով: