Ուրբաթ, Մայիս 26ին, մօտաւորապէս ժամը 11:45ին, Պաշտպանութեան բանակի հիւսիսային սահմանի դիրքերէն մէկուն մէջ, հակառակորդին կողմէ արձակուած կրակոցէն մահացու վէրք ստացած է պայմանագրային զինծառայող՝ 21ամեայ Արմէն Ռաֆիկի Յարութիւնեանը: Այս մասին կը տեղեկացնէ Արցախի Պաշտպանութեան բանակի լրատուական ծառայութիւնը:
Արմէն Յարութիւնեան Արցախի Մարտակերտի շրջանի Հաթերք գիւղէն էր: Ան պայմանագրային ծառայութեան անցած էր 8 ամիս առաջ: