ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- ՀՀ Քննչական կոմիտէի նախագահի խորհրդական Սոնա Տռուզեան հաստատեց այն տեղեկութիւնը, թէ Երեքշաբթի, 30 Մայիսին ձերբակալուած են Զինուած ուժերու սպառազինութեան վարչութեան պետ՝ զօրավար Մելս Չիլինգարեանը, գնդապետներ Արմէն Մարգարեանն ու Մհեր Պապեանը:
Ձերբակալուած զինուորականները ամբաստանուած են բանակին մատակարարուած անորակ ապրանքներ ընդունելու, որոշ պարագաներու ալ ուռճացուած գիներով գնումներ կատարելու յանցանքով:
Երկու շաբաթ առաջ ձերբակալուած էին պաշտպանութեան նախարարութեան բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներ, որոնց շարքին՝ Զինուած ուժերու սպառազինութեան վարչութեան ինքնաշարժներու ծառայութեան պետ՝ գնդապետ Դաւիթ Աբրահամեանը:
«Կատարուած քննութեամբ բաւարար ապացոյցներ են ձեռք բերուել առ այն, որ գնդապետ Դ. Աբրահամեանը, ընդգրկուած լինելով նոյն վարչութեան մշտական գործող յանձնաժողովի կազմում՝ շահադիտական դրդումներով չարաշահել է իր պաշտօնէական դիրքը եւ կազմակերպել է կնքուած պայմանագրին կից տեխնիկական բնութագրերին չհամապատասխանող գործիքների ու սարքաւորումների ընդունումը՝ յանձնաժողովի կողմից, ինչն առաջացրել է նիւթական ծանր հետեւանքներ:
Դ. Աբրահամեանին մեղադրանք է առաջադրուել՝ ՀՀ քրէական օրէնսգրքի 375րդ յօդուածի 3րդ մասով: Առաջադրուած մեղադրանքում վերջինս իրեն լիովին մեղաւոր է ճանաչել, ցուցմունք տուել եւ ամբողջովին վերականգնել ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեանը պատճառուած վնասը», գրուած է Քննչական մարմինին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ: