ՓԱՐԻԶ, «Նիուզ».- Ռու-սիոյ քաղաքացի՝ հայազգի Կարէն Խաչանով, Հինգշաբթի, 31 Մայիսին իր երկրորդ յաղթանակը նշեց Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցող արհեստավարժ թենիսի «Ռոլան Կարոս» մրցաշարքին երկրորդ հանգրուանի մրցումներուն: 21ամեայ մարզիկը խաղաց համաշխարհային դասակարգման մէջ 14րդ տեղը գրաւող չեխ Թոմաս Պերտիչի դէմ եւ առաւելութեան հասաւ 7:5, 6:4, 6:4 հաշիւով:
Երրորդ հանգրուանին, Խաչանով պիտի մրցի 21րդ դասուած ամերիկացի Ճան Իսնըրի դէմ։
Խաչանով ATP դասակարգման աղիւսակին մէջ կը գրաւէ 53րդ տեղը: