ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ «ԳԱՆՁԱՍԱՐ»Ի
Հալէպի ազատագրման յաջորդող օրերուն, քաղաքը արագ կշռոյթով իր կենսունակութիւնը վերագտնելու սկսաւ:
Պետական մարմիններ քաղաքի հրապարակները մաքրելու, երթեւեկութիւնը կանոնաւորելու, ծառայողական ոլորտը բարելաւելու աշխատանքին ձեռնարկեցին ու կարճ ժամանակաշրջանի մը մէջ Հալէպէն ներս կեանքը աշխոյժ հունի մէջ մտաւ:
Հայկական առումով եւս վերականգնումի առաջին քայլերը տեսանելի դառնալու սկսան: Դեկտեմբերի աւարտին, Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանէն ներս, Նոր Գիւղի վերականգնումի մեկնարկը յայտարարուեցաւ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսին հովանաւորութեամբ՝ Պէյրութի մէջ, սուրիահայութեան վերականգնումին նուիրուած գումարուեցաւ ժողով մը, որուն ընթացքին սահմանուեցան վերականգնումի առաջնահերթութիւնները: Հալէպի Շտապ Օգնութեան Գործադիր մարմինը վերջերս հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով՝ պատերազմի ընթացքին քանդուած գործատեղիները վերանորոգելու ու տնտեսական փոքրածաւալ նախաձեռնութիւններուն օժանդակելու իր պատրաստակամութիւնը յայտնելով հալէպահայ ժողովուրդին:
Նախորդ շաբաթ հալէպահայութիւնը երկու մեծ նախաձեռնութիւններ կեանքի կոչեց: Առաջինը Նոր Գիւղի ընտանեկան պարտէզին վերաբացումն էր: Այն պարտէզին, որ պատերազմի տարիներուն հայկական թաղերու ինքնապաշտպանութեան նուիրուած հայ տղոց կեդրոնը դարձած էր: Երկրորդը Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի շրջափակին մէջ հազարաւոր հանդիսականներու ներկայութեան տեղի ունեցած Մայիս 28ի փառատօնն էր, որուն ընթացքին Նոր Գիւղը, գէթ քանի մը ժամ, վերագտաւ իր նախկին կենսունակութիւնը:
Ամիսներ առաջ շատերու կողմէ լքուած ու ամայացած համարուող Հալէպի վերաշխուժացման այս թափը ըմբռնելու համար, անհրաժեշտ է անդրադառնալ քանի մը երեւոյթներու:
Պատերազմի տարիներուն, Հալէպի բնակչութեան նկատառելի մէկ մասը երկրէն մեկնեցաւ, մնացողները, սակայն, ջանք չխնայեցին կենսունակ պահելու քաղաքն ու իրենց կեանքը:
Անոնք, որոնք կորսնցուցին իրենց գործատեղիները, համեմատաբար աւելի ապահով թաղամասերու մէջ այլ գործատեղիներ վարձելով, շարունակեցին իրենց աշխատանքը: Ոմանք նոյնիսկ փոխեցին իրենց արհեստը, սակայն աշխատեցան՝ ապահովելու իրենց օրապահիկը: Այսպիսով, քաղաքը ամլութեան չմատնուեցաւ:
Հալէպի կենսունակութեան պահպանման մէջ մեծ դեր ունեցաւ նաեւ կրթական եւ միութենական հաստատութիւններու անխափան գործունէութիւնը:
Սուրիոյ պետութիւնը ամէն ջանք գործադրեց բաց պահելու վարժարաններն ու համալսարանները՝ հակառակ տնտեսական, ապահովական եւ մարդուժի տագնապին: Ասիկա պատճառ դարձաւ, որ յատկապէս Հալէպի նման պատերազմական ծանր պայմաններու մէջ յայտնուած քաղաքներ, պահպանեն իրենց ներքին կենսունակութիւնն ու կրթամշակութային կեանքը՝ հասցնելով նոր սերունդներ, կրթական նոր մշակներ:
Հայկական առումով, վարժարաններու աշակերտութեան թիւը թէեւ նօսրացաւ, սակայն կրթական ծրագիրները կիրարկուեցան միեւնոյն խստապահանջութեամբ: Միութիւններու գործունէութիւնը եւս մեծ դեր ունեցաւ նօսրացած գաղութի կենսունակութեան պահպանման մէջ:
Հալէպի վերականգնումի աշխատանքները սկզբնական փուլի մէջ են: Երկիրը տակաւին կը տուայտի պատերազմի յորձանուտին մէջ: Տնտեսական, ապահովական, ծառայողական ոլորտներուն մէջ առկայ են լուրջ խնդիրներ: Այնուամենայնիւ, Հալէպի վերաշխուժացման թափը յոյս ու կորով կը ներշնչէ:
Ուստի անհրաժեշտ է կառոյցներու վերականգնումին կողքին, կարեւորութեան արժանացնել նաեւ մարդկային պաշարի վերապատրաստման, կրթական թէ միութենական հաստատութիւններէն ներս գործելաձեւերու արդիականացման, պատերազմի հետեւանքով յառաջացած հոգեբանական դժուարութիւններու յաղթահարման խնդիրները, որպէսզի սուրիահայ գաղութը ընդհանրապէս եւ հալէպահայութիւնը մասնաւորապէս հնարաւորինս արագ թօթափեն պատերազմի յառաջացուցած բազմաբնոյթ դժուարութիւնները: