ՊԵԼՄՈՆԹ.- Հայագիտական ուսմանց եւ ուսումնասիրութեանց ազգային միութիւնը (NAASR) Մայիս 18ին 225,000 տոլար նուէր ստացած է Մեսեչուսեց նահանգի Մշակութային խորհուրդի Մշակութային կալուածներու հիմնադրամէն։
Գումարը պիտի տրամադրուի Մեսեչուսեցի Պելմոնթ քաղաքը գտնուող Հայագիտական միութեան կեդրոնի նորոգութեան՝ 4.5 միլիոն տոլար արժող ծրագիրին մէկ մասը իրականացնելու նպատակին։
Այս գումարին յաւելումով, արդէն իսկ կարելի եղած է ծրագիրի ընդհանուր գումարին մօտաւորապէս 70 տոկոսը ապահովել։
Միութիւնը շէնքը գնած էր 1989ին, իսկ այս ծրագիրին իրականացումով՝ կարելի պիտի ըլլայ շէնքը մատչելի դարձնել հանրութեան, շնորհիւ իր նոր գրատան, սրճարանին, խորհրդաժողովներու սրահին, ուսումնասիրական վայրերուն եւ այլ հաւաքավայրերուն։
Ծրագիրին շնորհիւ նաեւ կարելի պիտի ըլլայ աւելի լաւ ձեւով պահպանել միութեան հազուագիւտ գիրքերու եւ թերթերու հաւաքածոն, որ կը գտնուի միութեան «Էտուըրտ եւ Հելէն Մարտիկեան» գրադարանին մէջ, եւ որուն գիրքերուն ու թերթերուն թիւը մօտաւորապէս 40,000ի կը հասնի։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.naasr.org կայքը, դիմել hq@naasr.org հասցէին կամ (617) 489-1610 թիւին։