ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Լրագրողներու ազատութեան եւ ապահովութեան հիմնարկը Յունիս 7ին դատապարտած է Ատրպէյճանի իշխանութիւնները՝ երկրին մէջ խօսքի ազատութեան դէմ յարձակումներու սաստկացած ալիքին համար:
Ատրպէյճանական «Քոնթաքթ» լրատուական կայքը կը տեղեկացնէ, թէ միջազգային այս կազմակերպութիւնը, իր կատարած յայտարարութեան մէջ նշած է յատկապէս համացանցային անկախ կայքերու ղեկավարներու ձերբակալութեան, վարչական կարգով ձերբակալուած լրագրող Նիճաթ Ամիրասլանովի կրած դաժան չարչարանքներուն եւ լրագրող Աֆղան Մուխթարլին Վրաստանի մէջ առեւանգելուն եւ Պաքուի մէջ բանտարկելուն պարագաները:
Յայտարարութեան աւարտին, կազմակերպութիւնը միջազգային համայնքին առաջարկած է պատժամիջոցներ սահմանել Ատրպէյճանի դէմ: