Յարգելի պարոն խմբագիր,
Այս մտահոգութիւնս կրկնապատկուեցաւ, երբ վերջերս ներկայ գտնուեցայ հայկական վարժարանի մը վկայականներու բաշխման հանդէսին։ Առաջին հերթին, նկատեցի որ չորս կողմս, բոլորը՝ ուսուցչական կազմի անդամներէն եւ ծնողքներէն մինչեւ ամէնէն փոքրիկ երեխան անգլերէն կը խօսէին։ Այս իրողութիւնը զիս վհատեցուց, սակայն յայտագիրն էր որ իսկապէս յուսախաբ ըրաւ զիս։
Յայտագիրը ճոխ էր շնորհաւորական եւ խրախուսիչ խօսքերով եւ բարեմաղթութիւններով. ցաւեցայ, որ արտայայտութիւնները գրեթէ ամբողջովին անգլերէնով էին։ Միակ մխիթարիչ բանը այն էր, որ աշակերտներուն ներկայացուցած երգերն ու արտասանութիւնները մեծ մասամբ հայերէն էին։
Հայ դպրոցը սոսկ ուսումնարան չէ եւ պէտք չէ ըլլայ. հայ դպրոցը, մասնաւորաբար Սփիւռքի մէջ, ունի իւրայատուկ եւ սրբազան առաքելութիւն՝ որպէս փոքր հայրենիք, մեր երիտասարդներուն հոգիներուն մէջ սիրոյ սերմեր ցանելու մեր հաւատքին, մայր լեզուին եւ մշակոյթին նկատմամբ։
Տուն վերադարձայ տխուր, որովհետեւ հանդէսը Հայ Դպրոցին այս առաքելութիւնը չէր ցոլացներ։
ՀԱՆԴԻՍԱԿԱՆ