Ատրպէյճան եւ Թուրքիա Յունիս 12էն Նախիջեւանի մէջ սկսան համատեղ մարտավարական զօրավարժութիւններու: Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ այս մասին կը յայտնէ ատրպէյճանական APA գործակալութիւնը: Զօրավարժութիւնները պիտի շարունակուին մինչեւ Յունիս 16: Անոնք կ՛իրականացուին երկու երկիրներուն միջեւ ստորագրուած փոխըմբռնման յուշագիրին համաձայն: