ԵՐԵՒԱՆ.- Աշխարհի ամենաերկար zip line-ը (անհատական ճոպան, պարանէն կախուած) Ենոքաւանի «Yell Extreme Park»ին մէջ շահագործման պիտի յանձնուի այս ամառ: Ըստ «Արմէնփրէս»ին՝ այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է «Yell Extreme Park» նախագիծի հեղինակ, համահիմնադիր Տիգրան Չիբուխչեան:
«Zip line-ի ճարտարապետական հատուածը գրեթէ պատրաստ է եւ միայն մէկ-երկու հարց մնացած է լուծելու: Իսկ բուն շինարարութիւնը պիտի սկսի Յունիս 20ին: Մենք նախատեսած ենք շինարարութիւնը աւարտել Յուլիսի վերջը», ըսած է Չիբուխչեան:
Շուտով Արցախի մէջ եւս պիտի հիմնուի «Yell Extreme Park»: «Արցախի մէջ հրաշալի բնութիւն կայ եւ մեծ ներուժ՝ զբօսաշրջութեան զարգացման համար», շեշտած է նախագիծի հեղինակը:
Հայաստանի մէջ աշխարհի ամենաերկար zip line-ի կառուցման նպատակով, Indiegogo համաֆինանսաւորման միջազգային հարթակով Մայիս 4էն Յունիս 2 տեղի ունեցած է դրամահաւաք, որուն իբրեւ արդիւնք հաւաքուած է 22 հազար 165 տոլար:
«Yell Extreme Park» նախագիծը 2015էն կ՛իրականացնէ ոլորտի զարգացման ուղղուած շարք մը ծրագիրներ՝ ձգտելով դառնալ տարածաշրջանին մէջ զբօսաշրջութեան մեծ կեդրոն: Նախագիծը նպատակ ունի Հայաստանի մէջ զարգացնել արկածային զբօսաշրջութիւնը, ստեղծել նոր աշխատատեղեր, աշխուժացնել հասարակական կեանքը եւ խթանել առողջ ապրելակերպը:
Նախագիծը իր գործունէութիւնը սկսած է Տաւուշի մարզի Ենոքաւան համայնքին մէջ՝ zip line-ով, իսկ այժմ աշխոյժ պտոյտ նախընտրողներուն կ՛առաջարկէ նաեւ paraglayding, roppark, paintball, ձիով արշաւներ, արտաճանապարհային պտոյտներ եւ այլն: Ընդլայնելով գործունէութեան աշխարհագրութիւնը՝ «Yell Extreme Park»ը 2017ի Մայիսէն ի վեր, Ստեփանակերտի օդակայանին հետ համատեղ, երկտեղանի մարդատար օդանաւով սկսած է իրականացնելու Ստեփանակերտ-Շուշի յետադարձ ուղղութեամբ առանց կանգառի (non-stop) զբօսաշրջութեան թռիչքներ:
Հայաստանի Տաւուշի մարզի Ենոքաւան համայնքին մէջ կառուցուող աշխարհի ամենաերկար zip line-ը պիտի ունենայ 2680 մեթր երկարութիւն եւ 200-300 մեթր բարձրութիւն: «Զիփլայն»ով թռիչքը պիտի տեւէ 3-4 վայրկեան՝ առաւելագոյնը 120 քմ./ժ արագութիւն զարգացնելու հնարաւորութեամբ: