ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Նահանգային ծերակուտական Էնթընի Փորթանթինօ Երեքշաբթի, 13 Յունիսին յայտարարեց, որ Քալիֆորնիոյ նահանգային ամավարկին մէջ նախատեսուած են Հայ-ամերիկեան թանգարանին ու նահանգի դպրոցներուն մէջ Ցեղասպանութեան մասին ուսուցողական ծրագիրներու համար յատկացումներ:
Արդարեւ, նահանգային ամավարկէն 3 միլիոն տոլար պիտի յատկացուի Հայ-ամերիկեան թանգարանին, իսկ 10 միլիոն տոլար՝ Ցեղասպանութեան վերաբերեալ դպրոցական կրթական ծրագիրներու:
Նահանգի 2017-2018 տարեշրջանի ամավարկը, որուն մէջ ներառուած են վերոնշեալ յատկացումները, վերջնական քուէարկութեան պիտի դրուի այսօր՝ Հինգշաբթի, 15 Յունիսին:
Հայ-ամերիկեան թանգարանը, այսպիսով, յառաջիկայ երեք տարիներուն ընթացքին Քալիֆորնիոյ նահանգէն պիտի ստանայ ընդհանուր չորս միլիոն տոլար: Մէկ միլիոն տոլարը կու գայ անցեալ տարուան ամավարկէն, որ սակայն չէր գործարկուած օրին, եւ շնորհիւ ծերակուտական Փորթանթինոյի ճիգերուն՝ վերահաստատուած է այս տարի:
Ծերակուտական Փորթանթինոյի կողմէ այս յատկացումներու իրականացման գործին մեծապէս նպաստեցին Ծերակոյտի նախագահ Քեւըն տէ Լէոն եւ Ամավարկի ենթայանձնաժողովի ատենապետ Ռիչըրտ Ռաթ, որոնց շնորհիւ կարելի եղաւ Հայ-ամերիկեան թանգարանի խնամակալ մարմինի անդամ Զաւէն Գազազեանը հրաւիրել ենթայանձնաժողովի նիստին՝ բացատրութիւններ տալու համար ծրագիրին մասին, որմէ ետք Ամավարկի ենթայանձնաժողովն ու Ծերակոյտը որոշեցին յատկացումները ներառնել նահանգի ամավարկն մէջ:
Նկատի ունենալով, որ Նահանգային խորհրդարանի ամավարկին մէջ չէին ընդգրկուած սոյն երկու յատկացումները, Ծերակոյտին պատրաստած ամավարկը յղուեցաւ համակարգող յատուկ յանձնաժողովին, վերջնական ձեւի մէջ դնելու համար ամավարկի փաստաթուղթը:
Համակարգող յանձնաժողովը որդեգրեց Ծերակոյտին առաջարկը՝ երաշխաւորելով Հայ-ամերիկեան թանգարանին կատարուելիք յատկացման վաւերացումը:
Իբրեւ Կրթական ծրագիրներու ամավարկի ենթայանձնաժողովի ատենապետ՝ ծերակուտական Փորթանթինօ առաջարկած էր Ցեղասպանութեան մասին աշակերտներու զգօնութիւնը բարձրացնելու կոչուած ուսուցողական ծրագիրներու համար 10 միլիոնի յատկացում ապահովել: Այս յատկացումը եւս՝ առաջնահերթութեան կարգով, ընդգրկուեցաւ Ծերակոյտին առաջարկած ամավարկին մէջ: