ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Յունիս 12ին, Անթիլիասի իր գրասենեակին մէջ Արամ Ա. հայրապետը ընդունեց Հայաստանեայց եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի Ազգային վարչութեան ատենապետ իրաւաբան Ժոզէֆ Կանիմեանը: Կանիմեանին, որ միաժամանակ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամ է, կ՛ընկերանար Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ տոքթ. Աւետիս Տաքէսեան:
Հանդիպումը առիթ մը եղաւ արծարծելու Հիւսիսային Ամերիկայի հայ համայնքին, կաթողիկոսական երկու աթոռներու յարաբերութեան, ինչպէս նաեւ միջկուսակցական գործակցութեան առնչուած հարցերու մասին: Այս առիթով, վեհափառը շեշտեց հայ կեանքի բոլոր բնագաւառներէն ներս փոխադարձ հասկացողութեան վրայ հիմնուած գործակցութիւնը ամրապնդելու հրամայականը: