ԱՆԳԱՐԱ.- Թուրքիոյ մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Պաս կանչուած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն՝ իրեն փոխանցելու համար նախարարութեան դժգոհութիւնը՝ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի թիկնապահները ձերբակալելու մասին Միացեալ Նահանգներու դատախազութեան կողմէ հրապարակուած հրամաններուն կապակցութեամբ:
Ամերիկայի դեսպանը հանդիպած է Թուրքիոյ արտաքին փոխնախարար Ումիթ Եալչինի հետ:
Դեսպանին ըսուած է, որ այդ որոշումը «սխալ է, ո՛չ առարկայական եւ չունի իրաւական հիմքեր»:
Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն այս դէպքին առնչութեամբ հանդէս եկած էր յայտարարութեամբ, զոր ներկայացուցած էր արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Հայըր Նօուըրթ:
«Թուրքիոյ անվտանգութեան ծառայութեան 12 աշխատակիցներու դէմ մեղադրանքը յստակ ուղերձ է, որ Միացեալ Նահանգները չի հանդուրժեր անոնց, որոնք ազատ խօսքը եւ արտայայտուելու քաղաքական օրինական ազատութիւնները ճնշելու համար կը դիմեն ահաբեկումներու եւ բռնութիւններու: Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը շարունակէ աշխատիլ իրաւապահներու հետ: Երբ արդիւնքներ ձեռք բերուին, արտաքին գործոց նախարարութիւնը կ՛որոշէ, թէ արդեօք լրացուցիչ քայլերու դիմելու կարիք կա՞յ: Մեր գործողութիւնները պէտք է մեղադրանքներուն համապատասխան ըլլան: Իրաւապահներու հետ մեր աշխատանքի ուշադրութեան կեդրոնը պիտի ըլլայ ապահովել, որ բռնութիւններու համար պատասխանատուները այդ գործողութիւններուն համար պատասխանատուութիւն կրեն», ընդգծուած է Թիլըրսընի յայտարարութեան մէջ: