ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի փոխվարչապետ Ալի Հասանով յայտարարութիւն մը հրապարակելով՝ դժգոհութիւն յայտնեց ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահներու գործունէութեան նկատմամբ։ Ան նշեց, որ համանախագահները քսան տարիէ ի վեր կ՛այցելեն Հարաւային Կովկաս, սակայն ո՛չ մէկ արդիւնք տուած են։
«Անոնք պէտք է ամչնան այն հանգամանքէն, թէ 20 տարիէ ի վեր չեն կրցած արդիւնք մը ձեռք բերել», ըսաւ Հասանով։
Ան նաեւ ցաւ յայտնեց, որ Արցախի հարցին մէջ, «իսլամական որոշ երկրներ» կը շարունակեն օգնել հայերուն: