ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզպուք».- Վերջերս յայտնի դարձաւ, որ վարչապետ Կարէն Կարապետեան յանձնարարած է կառուցուածքային լուրջ փոփոխութիւններ իրականացնել կառավարութեան մէջ:
Զուգահեռաբար յայտնի դարձաւ, որ կառավարութեան կառուցուածքային փոփոխութիւններու հարցը քննարկուած է նաեւ նախագահին կողմէ: Սերժ Սարգսեանի մերձաւոր շրջանակէն կը փոխանցեն, որ վերջինս յստակօրէն որոշած է վերակազմաւորել ոստիկանութիւնը եւ Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը: Սարգսեանի որոշումով, մօտիկ ապագային Հայաստանի ոստիկանութիւնն ու Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը պիտի միացուին, իսկ նորաստեղծ գեր-կառոյցը պիտի կոչուի ներքին գործերու նախարարութիւն:
Այս ծրագիրին որոշակիօրէն կը դիմադրէ ոստինակապետ Վլադիմիր Գասպարեան, որ չի պատկերացներ իր աշխատանքը նախարարի մը ենթակայութեան կամ վերադասի առկայութեան պայմաններուն տակ: