ԵՐԵՒԱՆ.- Պատասխանելով «Թերթ» լրատուական կայքին հարցումներուն՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ռիչըրտ Հոկլընտ յայտնած է, թէ քանի որ ներկայիս ընթացքի մէջ են դիւանագիտական աշխատանքներ, որոնք հրապարակելի չեն, ուրեմն պէտք է ապաւինիլ Արցախի հիմնախնդիրի կարգաւորման շուրջ վերջին զարգացումներուն վերաբերեալ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներու վերջին հրապարակային յայտարարութեան։
«Թերթ»ը մասնաւորապէս հետաքրքրուած է, թէ արդեօք ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներուն տարածաշրջան այցելութեան ընթացքին համաձայնութիւն ձեռք բերուա՞ծ է շփման գիծին վրայ միջազգային դիտորդներու դութիւնը բազմացնելուն վերաբերեալ, եւ եթէ այդ հարցով տարակարծութիւններ կան:
Կայքը նաեւ հարց տուած է, թէ արդեօք իրենց յայտարարութիւններուն մէջ նախ Ատրպէյճանին կոչ ընելով չսրել իրավիճակը, հրապարակային կերպով կ՛ընդունի՞ն, որ Ատրպէյճանն է իրավիճակը սրող կողմը: