ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը յայտարարէ, թէ իր գրասենեակի հաղորդակցութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու պատասխանատու Պետօ Տէմիրճեան ընտանիքով Պէյրութ, Լիբանան տեղափոխուելու պատճառով՝ 30 Յունիս, 2017էն պիտի դադրի զբաղեցնել այս պաշտօնը:
Պետօն Գրասենեակի աշխատակազմի մշտական անդամ դարձաւ Հոկտեմբեր 2010ին եւ այս ընթացքին ան խղճմտօրէն, նուիրումով եւ ձեռնհասութեամբ կատարեց իրեն վստահուած պարտականութիւնները: Պետոյին բարի երթ եւ յաջողութիւն կը մաղթենք իր ապագայ ծրագիրներուն եւ աշխատանքներուն մէջ:
Յուլիս 1, 2017էն սկսեալ, ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակի հաղորդակցութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու պատասխանատուի պաշտօնը պիտի վարէ Յարութ Շիրինեան, որ արդէն Պրիւքսէլ կը գտնուի եւ աստիճանաբար պիտի ստանձնէ իրեն վստահուելիք պատասխանատուութիւնները: Յարութ Լիբանանի Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը աւարտած է, ապա Փարիզի Քրէթէյ համալսարանի «Տնտեսութիւն եւ կառավարում» ճիւղը, որմէ ետք մասնագիտացած է «Մարզական կառավարում» ճիւղին մէջ, վկայականը ստանալով փարիզեան «Ամոս» համալսարանէն: Ան անդամ է ՀՅ Դաշնակցութեան, եղած է ՀՅԴ «Նոր Սերունդ» երիտասարդական միութեան վարչութեան ատենապետ, ՀՅԴ Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակի արտաքին յարաբերական յանձնախումբի անդամ եւ ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբի պատասխանատու: