Յուլիս 22-29ին, Հայաստան հանդիպման վայրը պիտի ըլլայ ՀՄԸՄական մեծ ընտանիքի մարզական «կամաւոր բանակ»ի աշխարհասփիւռ ներկայացուցիչներուն: Միութեան 17 շրջաններէն շուրջ 1000 մարզիկներ առիթը պիտի ունենան 8 օրեր միասնաբար ըլլալու, 9 մարզախաղերու ախոյեանական բաժակներուն համար մրցելու, իրենց հայրենիքը ճանչնալու եւ հայկականութեամբ լեցուելու:
Համա-ՀՄԸՄական 10րդ մարզախաղերու յայտագիրին վրայ են 9 մարզաձեւեր. ֆութպոլ (տղաք կրտսեր, երէց)՝ 14 խումբ, պասքեթպոլ (տղաք ու աղջիկներ կրտսեր եւ երէց)՝ 35 խումբ, վոլիպոլ (աղջիկներ)՝ 6 խումբ, թենիս (տղաք ու աղջիկներ), աթլեթիզմ (տղաք ու աղջիկներ), փինկ-փոնկ (տղաք ու աղջիկներ), լող (տղաք ու աղջիկներ), ճատրակ (տղաք ու աղջիկներ): 10րդ մարզախաղերու նորութիւնն է սրահային ֆութպոլը՝ ֆութսալը (տղաք եւ աղջիկներ)՝ 10 խումբ:
Մարզախաղերուն կողքին, նախատեսուած են մարզիկներու համար հանրային ծառայութեան օր մը (20 Յուլիսին), Մեծ Եղեռնի Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր այցելութիւն, պաշտօնական մամլոյ ասուլիս (21 Յուլիսին), դաստիարակչական-զեկուցական հանդիպում մը (22 Յուլիսին) եւ ազատ օր մը (26 Յուլիսին):
Տէր եւ տիկ. եղբ. Սարգիս եւ Ալիս Տէր Պետրոսեաններու նախագահութեամբ եւ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպութեամբ իրականացուող 10րդ մարզախաղերուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն միութեան 17 շրջաններէ պատուիրակութիւններ եւ Թեհրանի ՀՄԱԿը ներկայացնող մարզական խումբեր: Մարզախաղերու մասնակից շրջաններն են. Հայաստան, Մոսկուա, Արեւմտեան Մ. Նահանգներ, Արեւելեան Մ. Նահանգներ, Հարաւային Ամերիկա, Գանատա, Աւստրալիա, Պուլկարիա, Լոնտոն, Փարիզ, Մարսէյ, Վալանս, Երուսաղէմ, Կիպրոս, Գահիրէ, Քուէյթ, Լիբանան եւ Սուրիա:
ՀՄԸՄի 100ամեակին նուիրուած այս մարզախաղերուն պաշտօնական բացումը կը կատարուի Շաբաթ, 22 Յուլիսին, թէեւ խաղերը ընթացք կ՛առնեն երկու օր առաջ՝ 20 Յուլիսին եւ կ՛երկարին 10 օրուան վրայ: Բացի աթլեթիզմի մրցումներէն, որոնք կը կատարուին Արտաշատի մէջ, մնացեալ բոլոր խաղերը տեղի կ՛ունենան Երեւանի դաշտերուն եւ մարզական համալիրներուն մէջ: Խաղերու աւարտին, փակման հանդիսութիւնը եւ մրցանակաբաշխութիւնը տեղի կ՛ունենայ Շաբաթ, 29 Յուլիսին: Հանդիսութեան կը յաջորդէ յաղթանակի ճաշկերոյթ-պարահանդէսը:
Ինչպէս նախորդ մարզախաղերուն, այս անգամ եւս, ախոյեանական 16 բաժակները կը կրեն ՀՄԸՄի հիմնադիրներու, վաստակաշատ անդամներու եւ Արցախեան նահատակներու անուններ: Նկատի առնուած անուններն են. Շաւարշ Քրիսեան, Գրիգոր Յակոբեան, Յովհաննէս Հինդլեան, Վահան Չերազ, Բիւզանդ Թորիկեան, Միհրան Շիմշիրեան, Պետրոս Ալահայտոյեան, Տիգրան Ոսկունի, Յովհաննէս Պայթարեան, Արմէն Տէյիրմէնճեան, Նշան Թիւսիւզեան, Սիամանթօ Կարապետեան, Դանիէլ Դանիէլեան, Վահրամ Դանիէլեան, Վարդան Բախշեան, Վիգէն Զաքարեան: