ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Հանրային ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, թէ Եւրոխորհրդարանի համանախագահները, Արցախ-Ատրպէյճան շփման գիծին վրայ վերջին քանի մը օրերու լարուածութեան վերաբերեալ համատեղ յայտարարութիւն մը կատարած են:
«Եւրոխորհրդարանը մեծապէս մտահոգ է այս շաբթուան ընթացքին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ վերսկսած ռազմական գործողութեանց կապակցութեամբ: Ինչպէս աւելի կանուխ նշած էինք, մենք համոզուած ենք, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը չունի ռազմական լուծում: Փոխարէնը, հակամարտութիւնը պէտք է ունենայ շուտափոյթ քաղաքական լուծում՝ համապատասխան միջազգային իրաւունքին: Այս միակ ձեւն է դադրեցնելու համար քաղաքացիներուն, ինչպէս նաեւ զինուորներուն կորուստները», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
Համանախագահները նաեւ նշած են, որ իրենք լիովին կը սատարեն ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներու խաղաղարար ջանքերուն եւ առաջարկներուն, միաժամանակ ընդգծելով, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան պէտք է գտնեն քաղաքական կամք՝ բանակցութիւններու ընթացքին յառաջխաղացք ապահովելու համար։