ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ մը՝ Յուլիս 4ին Արցախի մէջ լարուածութեան աճին առնչութեամբ, նշելով, որ հակամարտութեան թէժացումը «չի բխիր ո՛չ հայ, ո՛չ ալ ատրպէյճանցի ժողովուրդներու շահերէն»:
Իրանի պետական «Իրնա» լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, թէ արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Պահրամ Քասեմի յոյս յայտնած է, որ տարածաշրջանին մէջ կարելի կ՛ըլլայ կայունութիւն եւ խաղաղութիւն հաստատել, միաժամանակ զգուշացնելով՝ «բռնութիւն հրահրող թշնամական դաւադրութիւններու մասին»:
«Իրան ջանք չի խնայեր տարածաշրջանին մէջ լարուածութիւնը նուազեցնելու», շեշտած է Քասեմի:
Իրանագէտ Վարդան Ոսկանեան վերլուծած է վերջին օրերուն իրանեան շրջանակներու մէջ հնչող յայտարարութիւնները՝ Արցախի պաշտպանութեան բանակի պատասխան գործողութիւններուն իբրեւ հետեւանք քաղաքացիներու սպանութեան վերաբերեալ, նշելով, որ այդ մասին մասնակի կամ ամբողջութեամբ ատրպէյճանամէտ դիրքորոշումներով ելոյթներ ունեցած են Ատրպատականի թրքալեզու շրջաններու ծայրագոյն արեւելքի եւ արեւմուտքի ղեկավարները միայն։ Ան աւելցուցած է. «Ատրպատականի կեդրոն Թաւրիզը ներկայացնող իրանցի որեւէ քաղաքական, կրօնական կամ հասարակական գործիչ, նշուած իրադարձութեան կապակցութեամբ ատրպէյճանամէտ յայտարարութեամբ կամ դիրքորոշումով առայժմ հանդէս չի եկել»։