ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Արցախի պետական սահմանը պաշտպանելու ընթացքին ցուցաբերած արիութեան համար, ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակի N զօրամասի զինծառայող Վազգէն Պօղոսեանը յետ մահու պարգեւատրեց «Մարտական ծառայութիւն» շքանշանով:
Վազգէն Պօղոսեան Վայոց Ձորի Հորբատեղ գիւղէն էր: «168 Ժամ»ի թղթակիցին հետ զրոյցի մը ընթացքին Հորբատեղի գիւղապետ Գագիկ Սանդրոսեան յայտնեց, որ Վազգէնի ընտանիքը ծանր պայմաններու մէջ կ՛ապրի:
«Ընտանիքի վիճակը ծայրայեղ ծանր է, ընտանիքի բոլոր անդամները հաշմանդամութիւն ունեն: Վազգէնը երկու քոյր ունէր, ամուսնացել, գնացել են, հիմա տանը մնում են միայն ծնողները, հօրաքոյրը, տատիկը», ըսաւ գիւղապետը՝ աւելցնելով, որ ընտանիքի անդամները կը ստանան հաշմանդամութեան թոշակ, որ անոնց եկամուտի միակ աղբիւրն է:
Հորբատեղի գիւղապետը նշեց, որ Վազգէնը արտակարգ երեխայ էր. «Մեր գիւղի երիտասարդները բոլորն էլ մէկը մէկից խելօք, արտակարգ երեխաներ են: Վազգէնն էլ շատ արտակարգ երեխայ էր»:
Քսանամեայ Պօղոսեան նահատակուած էր Յուլիս 10ին, թշնամիի կողմէ արձակուած կրակոցէն: